*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*
Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի նախագահ Դոկտ. Ֆատլօ Խուրի շրջանաւարտներուն յղած իր ուղերձին մէջ ընդգծեց, թէ տարածաշրջանը (Միջին Արեւելք) եւ անոր խնդիրները պէտք ունին լուծումներու եւ անհրաժեշտ է, որպէս Ամերիկեան համալսարանի շրջանաւարտներ, իրենց բաժինը ունենան:
Գործիս բերումով երկրաչափական գրասենեակի պաշտօնէութիւն կ’ընէի, ուր բազմաթիւ ճարտարապետներ զանազան համալսարաններէ, մանաւանդ նոր աւարտածներ կը պաշտօնավարէին. գործատէրը ֆրանսայի հետ սերտ կապեր ունէր ու կը նախընտրէր ֆրանսական համալսարանի ուսանողներէն ունենալ: Ես մասնաւոր յարաբերութիւն չէի ունենար, բայց միակ նկատողութիւնս կ’երթար ծխախոտի տեսակին. Ֆրանսականէն եկողները ֆրանսական կը ծխէին իսկ ուրիշներ՝ զանազան տեսակի: Սամին ամերիկեան կը ծխէր… ուստի իրեն հարց տուի թէ ինչո՞ւ, -ըսաւ, -ֆրանսականով սկսայ բայց ծանր եկաւ կուրծքիս, այլապէս…:
Համալսարանները «խոհանոցներ» են, ուր ոչ միայն տուեալ նիւթ մը «կ’եփեն», այլ առընթեր ուղղակի եւ անուղղակի մշակոյթը եւ մտածելակերպը կը ներմուծեն այդ ձեւով գրաւելու երիտասարդութեան դիտանկիւնը: Երիտասարդութիւնը, որ ապագայ առաջնորդը պիտի ըլլայ երկրին: Միտքի լոյսն է առաջնահերթ եւ ուղղութիւնը անոր. «where your mind goes, energy flows»…: Այս է գաղութարարներու գործելակերպը հինէն ի վեր. բանակը իր արեան թաթով, մշակոյթը իր անուշ փաղաքշանքով, դուք հասկցէք կախարդական, մանաւանդ՝ կրօնի միջոցաւ. Տիրելու մարմաջն է որ կը գործէ…:
Պերդրանտ Ռասըլ իր «Պատերազմի ոճիրներ Վիեթնամի մէջ» (War Crimes in Vietnam) գրքոյկին մէջ կ’ըսէ, թէ երբ ֆրանսանցիներ գրաւեցին Վիեթնամը, տեսան բարձր մակարդակի մշակոյթ, եւ առաջին գործերնին եղաւ փակել զանոնք, եւ իրենցը ներմուծելու աշխատանք տանիլ, սակայն ի վերջոյ լքեցին երկիրը ու այս անգամ Մ. Նահանգներ եղան դրօշակակիրները, տիրելու երկրին… դեմոկրատութիւն (ժողովրդավարութիւն) պարտադրելու…
Սակայն Վիեթնամի քաջարի ժողովուրդը ինքզինք պարտադրեց: Բռնութիւնը անուներ կը փոխէ, տեսակներ կը փոխէ, գաղափարական անուան տակ կամ դեմոկրատական ժողովրդավարական, խորք կը մնայ նոյնը, արդարեւ լոզունգը կամ գաղափարը ուրիշ է իսկ գործադրելը՝ այլ բան. առաջինը կը նմանի ճախրող թռչունի՝ զայն ունենալու համար կարելի չէ գործածել հրացան: Իրեն յատուկ մագնիսութեան կը կարօտի, որ տակաւին անգոյն է:
Ըսինք, բանակէն ետք մուտք կը գործէ մշակոյթը, կրօնը, ու երբեմն նայած պարագաներու, բանակէն առաջ իսկ իբրեւ նախապատրաստութիւն:
Այսօրուան AUB-ին, հիմնուած է 1866-ին, իբրեւ «Syria Protestant College» (երբ Լիբանան իբրեւ պետութիւն չգոյ էր), որու գլխաւոր մուտքին կայ ցուցատախտակ մը, ուր գրուած է.- «Ես եկայ որ կեանք ունենաք եւ աւելի ունենաք»: (Յով. 10:10)
Դրոշմը ձեւով մը՝ աւետարանական ըլլալուն, քանի որ խօսքը կը վերագրուի Յիսուս Քրիստոսի: (Եթէ այցելէք, հազիւ կը նշմարէք. գէթ ինծի հետ այդպէս պատահեցաւ… քսանամեակ մը առաջ, քանի որ թողլքուած է… մինջդեռ՝ ա՛յդ էր առաքելութիւնը):
Ուրեմն, Ա. Համաշխարհային պատերազմէն ետք եւ քաղաքական այլ դէպքերու պատճառաւ 1920-ին համալսարանը նոր մկրտութեամբ անուանուած է «Պէյրութի Ամերիկեան համալսարան» (AUB):
Սուրիա եղաւ Պէյրութ, Բողոքականը ցնդեցաւ (գուցէ Ամերիկեանը զայն կը պարփակէ), գոլէճն ալ՝ համալսարանի, վերջապէս 54 տարուան յառաջընթաց մը կայ… ու արշաւը կը շարունակուի:
Կասկած չկայ, որ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանը կը գլխաւորէ առաջնահերթութիւնը համալսարաններու:
Շնորհաւոր «150 ամեակ»…