Շաբաթ, 17. 05. 2025

spot_img

Բանախօսութիւններ Եւ Բժշկական Դասաւանդման Ծրագիր՝ Հայկական Նաւապտոյտին Ընթացքին

Հայկական նաւապտոյտի գործադիր մարմինը կը տեղեկացնէ, թէ յառաջիկայ տարուան Յունուար 20-29 տեղի ունենալիք Հայկական աւանդական 20-րդ նաւապտոյտի մասնակիցները, զուարճանքի կողքին, առիթը պիտի ունենան նաւապտոյտի տեւողութեան հետեւելու բանախօսութեանց եւ բժշկական դասաւանդման յատուկ ծրագիրի մը, այս վերջինին համար ստանալով մինչեւ 10 վարկանիշ (CME):

Բանախօսութիւններ պիտի տան Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու նախկին դեսպան Ճան Էվընզ, (Արցախի իրադարձութեանց եւ իր նոր հատորին մասին), Մարօ Մաթոսեան (Արցախի քառօրեայ պատերազմին մասին), Անահիտ Երէմեան (Հայաստանի Բնագիտութեան հիմնարկի Անջրպետային ճառագայթի բաժանմունքի իրագործումներուն մասին) եւ Անդրանիկ Գասպարեան (Հայաստանի մէջ «Թիւֆէնքեան» հիմնարկի իրականացուցած ծրագիրներուն մասին)։

Միւս կողմէ, նաւուն վրայ գտնուող բժշկութեան դասախօսներ պիտի առաջնորդեն նշեալ դասընթացքները, ինչպէս նաեւ հանրային դասախօսութիւններ պիտի տան Հայաստանի մէջ իրենց տարած գործունէութեան եւ առողջապահական շարք մը նիւթերու շուրջ:

Դասաւանդման անձնակազմին անդամներուն մէջ կան հետեւեալ դասախօսները.

– Տոքթ. Ճան Պիլեզիկեան, որ «Քոլոմպիա» համալսարանի բժշկութան եւ դեղագործութեան ճիւղերու դասախօս է, ինչպէս նաեւ նոյն համալսարանի բժշկական կեդրոնի միջազգային ուսուցման եւ ուսումնասիրութիւններու բաժանմունքի փոխատենապետն ու ոսկրային հիւանդութեանց բաժանմունքի ատենապետը:

– Տոքթ. Ռապըրթ Պաղրամեան, որ Միշիկընի համալսարանին մէջ ատամնաբուժութեան եւ ատամնաբուժական հանրային առողջապահութեան բաժանմունքի դասախօս է:

– Տոքթ. Լորընս Նաճարեան, որ Նիւ Եորքի քանի մը հիւանդանոցներու մէջ ակնաբուժութեան  գլխաւոր վիրաբոյժ է եւ կը դասաւանդէ Նիւ Եորքի համալսարանի Պելվիուի մասնաճիւղի բժշկական բաժանմունքին մէջ: Ան նաեւ նախագահն է Առողջապահութեան մարզի արհեստավարժ ամերիկահայերու կազմակերպութեան:

– Տոքթ. Վարդուհի Պետրոսեան, որ Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանի Հանրային առողջապահութեան դպրոցի վարիչն է, եւ յատկանշական ուսումնասիրութիւններ կատարած է Հայաստանի մէջ հանրային առողջապահութեան մարզէն ներս:

Ուսուցման այս ծրագիրին մասնակցողները պէտք է յաւելեալ 299 տոլար վճարեն:

Հայկական աւանդական 20-րդ նաւապտոյտը պիտի սկսի Մայամիէն՝ այցելելով Արուպա, Քուրասաու, Պոներ եւ Լապատի: Հայ մշակոյթի ու ընկերային կեանքի երեսներով հարուստ սոյն նաւապտոյտին մասնակցութեան տարբեր մակարդակներուն ծանօթանալու համար, դիմել ahc@travelgroupint.com հասցէին, կամ (866) 447-0750 Ext 108 եւ 102 թիւերուն:

Ծրագիրին ու նաւապտոյտին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել

www.ArmenianHeritagecruise.com կայքը:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին