Երեւան քաղաքի «Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան այս տարուան կարգախօսն է «Երեւան արեւի քաղաք»: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմենփրես»-ը, այս մասին լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է «Էրեբունի-Եերեւան 2798» տօնակատարութեան ձեռնարկներու աշխատանքային խումբի համակարգող՝ փոխքաղաքապետ Արամ Սուքիասեանը:
Ըստ վերջինիս` մայրաքաղաքի տօնը այս տարի պիտի նշուի Հոկտեմբեր 8-ին: «Ապրիլեան պատերազմի հետ կապուած` այս տարի տօնակատարութիւնները նախորդ տարիների համեմատ աւելի զուսպ կը լինեն: Տեղի չի ունենայ Հանրապետութեան հրապարակի համերգը, Երեւանի քաղաքապետարանից մեկնարկող շքերթը, ինչպէս նաեւ քաղաքապետարանի դիմաց տեղի ունեցող միջոցառումը»,- «Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` աւելցուցած է Սուքիասեանը:
Մայրաքաղաքի տօնը, սակայն, պիտի նշանաւորուի 34 անուն բազմաժանր ձեռնարկներով: «Այս տարի առաւել ակտիւ կը լինի խաչքարերի պուրակը: Այն կը դառնայ հայկական ազգագրական հարթակ»,- ըսած է ան:
«Էրեբունի-Երեւան 2798» տօնակատարութեան համար նախատեսուած 130 միլիոն դրամէն կը ծախսուի 65 միլիոն դրամ: