Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

«Արդարադատութեան Համակարգին Մէջ Փոփոխութիւնները Կ’ըլլան Կառավարութեան Ծրագրին Համահունչ». Արփինէ Յովհաննիսեան

«Արդարադատութեան համակարգին մէջ իմ տեսլականի մասին բազմաթիւ անգամ առիթ ունեցեր եմ ըսելու: Փոփոխութիւնները կ’ըլլան նաեւ կառավարութեան ծրագրին համահունչ, որ կը ներկայացուի յառաջիկային»,- Ազգային Ժողովի մէջ լրագրողներու հետ զրոյցին յայտարարեց արդարադատութեան նախարար Արփինէ Յովհաննիսեանը:

Ինչպէս յիշեցինք, ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանը ստորագրած է արդարադատութեան նախարարի պաշտօնին Ա. Յովհաննիսեանի վերանշանակման հրամանագիրը: Թէ ի՞նչ նոր առաջադրանքներ ստացաւ նոր Վարչապետէն, Ա. Յովհաննիսեանը նշեց, որ այդ մասին կը տեղեկացնէ  կառավարութեան նոր ծրագիրի հաստատումէն ետք: Անդրադառնալով սպասուող համաներմանը` նախարարը յայտարարեց, որ ինք այդ մասին որեւէ տեղեկութիւն չունի:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին