Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մարտական դիրքին վրայ, հակառակորդին կողմէ արձակուած գնդակէ մը, մահացած է 1997-ի ծնունդ զինուոր Սեւակ Խաչատրեան:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորուստի ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինուորին ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն:
Նշենք, որ Սեւակ իր մասնակցութիւնը բերած էր Ապրիլեան պատերազմին:






