Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Ապահովութիւն-Տեսականի

*ՍԱՐԳԻՍ ՓՈՇՕՂԼԵԱՆ*

Մղում մը կար կ’երեւի որմէ՝ ՊԻԿ ՊԷՆԿ ու… համաստեղութիւն, աստղեր, արեւներ, մոլորակներ եւ անոնցմէ՝ մերը, ու կեանքի յառաջացում, օդային, ծովային, ցամաքային: Իսկ կենդանականին մէջ՝ ապահովութեան հրամայականը, որմէ՝ աճիլ, բազմանալ…

Ու մէկ զոյգ առնէտ կրնայ մէկ տարուան մէջ 840-ի վերածուիլ:

National Geographic-ի մէջ տեսայ կենդանիի մը նկարը, հողին տակ, ու գրութիւնը հետեւեալն էր.- «Թաքստոցը, որ դարձաւ նաեւ՝ գերեզմանը»:

Ինչո՞ւ այս պատկերը դրօշմուած է մէջս… պատճառը դիւրին է. քանի որ մենք իբրեւ հայ թաքստոցներու ապաւինած ենք եւ սակայն, անոնք ալ դարձած են մեր գերեզմանները: Ի հարկէ, գուցէ ա՛յդ էր յարմարագոյնը տուեալ ժամանակին: Մարդկային տեղաշարժներ ալ բնութեան մէկ պատկերը կը կազմեն, ինչպէս նաեւ պատերազմներն ու գաղթերը:

Եթէ մտնէք գրական անդաստան, տեսակաւոր օրինակներ կան ապահովութիւն որոնող.

«Թէեւ հայրս ու մայրս զիս թողուն,

Բայց Տէրը զիս պիտի ընդունի» (Սաղմոս 27:10)

Ապահովութիւն՝ գերմարդկային էակին մէջ:

Ուրիշ օրինակ մը, զոր կարելի չէ զանցառնել՝.- «Ու հիմա, ես մահուան արժանի եւ ամէն կերպով խաբուած մահկանացուս… պէտք է պաղատիմ երկրածի՞ն մէկու մը…: Ոչ երբեք, այլ քե՛զի միայն պիտի պաղատիմ, բարերար եւ երկինքի մէջ օրհնեալ Աստուած»: (Նարեկ, ԲԱՆ ԾԱ)

«Ոչ ոք ըսաւ- հէք տղայ
Արդեօք ինչո՞ւ կը մխայ.
Թերեւս ըլլայ գեղանի,
Թէ որ սիրեմ, չը մեռնի»: (Պ. Դուրեան)
Կեանքի կանչ մահամերձ հանճարին…
«Անուշ հոգի մը ըլլար,
Ես այդ հոգւոյն սիրահար,
Ան իմ երկինքս ըլլար»: (Վ. Թէքէեան)

Հոգեկան ընկերակցութիւն, ինչ որ յատուկ է մարդ-արարածին, ինչ որ յատուկ է, ի մասնաւորի, ամուրի բանաստեղծին:

Այլեւս ի՞նչ. հոգեկանէ աւելի ֆիզիքական ապահովութեան հաշւոյն Ռազմիկ Դաւոյեան մը պիտի գրէր.-

«Բաց կեղեւդ, ծառ»,
Առ ինձ կեղեւիդ մէջ»:

Վերջապէս այս անապահով մոլորակի բնակիչներուն, ի մասնաւորի մարդ-արարծին, ապահովութիւնը գլխաւոր անհրաժեշտութիւնն է. ի բաց առեալ բացառիկ խիզախներուն, որոնց համար ապահովութիւնը աննկատ իրականութիւն է, իսկ զայն շրջանցելը՝  ԻՄԱ՛ՍՏՆ ԱՊՐԵԼՈՒՆ:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին