Չորեքշաբթի, 02. 07. 2025

spot_img

Էդուարդ Նալպանտեան Հանդիպում Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

ՄԱԿ-ի 71-րդ Ընդհանուր ժողովին մասնակցող արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալպանտեան Սեպտեմբեր 24-ին, Նիւ Եորքի մէջ, հանդիպում ունեցած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ:

ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ, տեղեկատուութեան եւ հասարակութեան հետ կապի  վարչութեան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարը երախտագիտութիւն յայտնած է իր պաշտօնավարման ընթացքին կազմակերպութեան աշխատանքներուն Հայաստանի աշխոյւժ մասնակցութեան համար եւ ընդգծած, որ Հայաստանի դիւանագիտութիւնը շատ տեսանելի եւ կառուցողական դերակատարութիւն ծաւալած է միջազգային ասպարէզին մէջ, ոչ միայն իր առաջնահերթութիւններուն առումով, այլեւ՝ ՄԱԿ-ի առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման նպատակով:

Էդուարդ Նալպանտեան նշած է, որ Հայաստանը բարձր կը գնահատէ ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը, եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ անոր առաջնորդութեան, նախաձեռնութիւններուն եւ գործադրած ջանքերուն համար` ուղղուած ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան արժէքներուն, նպատակներուն եւ սկզբունքներուն յառաջ մղման:

Զրուցակիցները քննարկած են ՄԱԿ-ի օրակարգին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Պան Քի Մուն Էդուարդ Նալպանտեանին յանձնած է իր հեղինակած գիրքը, որուն մէջ ամփոփուած է վերջին տասը տարիներուն ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի պաշտօնին վրայ անոր գործունէութիւնը:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին