Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան Պատուիրակութիւնը Հանդիպեցաւ ԼՂՀ Ազգային Ժողովի Նախագահին Հետ

Պաշտօնական այցով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն այցելող ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը, գլխաւորութեամբ ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկեր Սերխիօ Նահապետեանի, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ ԼՂՀ Ազգային Ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանին: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին ՌԱԿ Կեդրոնական Վարչութեան փոխ-ատենապետ ընկ. Լեւոն Պըլըխեանը եւ վարչութեան գործակից անդամ, Արցախի Ռամկավար Ազատական (Լիպերալ Դեմոկրատ) Կուսակցութեան ատենապետ՝ ընկ. Բարդող Գալստեանը:

Ողջունելով ՌԱԿ-ի պատուիարակութիւնը՝ խորհրդարանի նախագահը նշեց, թէ որպէս հայ աւանդական կուսակցութիւն՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Արցախի մէջ գործունէութեան նոր թափ հաղորդելու ցանկութիւնը ընդունուած է ոգեւորութեամբ: Պրն. Աշոտ Ղուլեան նաեւ ընդգծեց, որ անհրաժեշտ է ամբողջական ներուժի համատեղում՝ համազգային նշանակութեամբ հարցերուն մէջ լուրջ արդիւնքներու հասնելու համար:

Պրն. Նախագահը նաեւ շեշտեց սփիւռքահայութեան ապրած երկիրներուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մասին աւելի եւս տեղեկութիւններ տարածելու անհրաժեշտութեան մասին:

Ընկ. Սերխիօ Նահապետեան իր կարգին ներկայացուց Սփիւռքահայութեան առկայ իրավիճակը եւ աւելցուց, որ ՌԱԿ-ը նոր գաղափարներ ու նոր ուղիներ կը փնտռէ՝ աւելի եւս արդիւնաւէտ գործունէութիւն ծաւալելու համար ինչպէս Սփիւռքի, այնպէս ալ՝ Հայրենիքի եւ Արցախի մէջ:

ՌԱԿ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՄԼՈՅ ԴԻՒԱՆ 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին