«Զարթօնք»ի խմբագրատան հիւրը եղաւ ֆրանսահայ, Փարիզաբնակ, «Ֆրանս 2» (France 2) հեռատեսիլի կայանի դաշտային լրագրողուհի Լիլիա Մելքոնեանը, որուն կ՛ընկերակցէր իր հօրեղբայրը՝ ՀԲԸՄ Լիբանանի Շրջանակային Յանձնաժողովի անդամ եւ թերթիս բարեկամ Պրն. Վաչէ Մելքոնեանը:
Զրոյցը հիմնականին մէջ դարձաւ Լիլիայի լրագրութեան ոլորտի մէջ ձեռք ձգած փորձառութեան շուրջ՝ որպէս դաշտային լրագրող: Ծնունդով լիբանանահայ մեր զրուցակիցը նշեց, որ լրագրութեան ասպարէզի հանդէպ հետաքրքրութիւնը սկսած էր մանկութենէն, երբ տունէն ներս լուրերու հետեւելու հետեւողականութեան ականատես եղած էր եւ այդպիսով աւելի ուշ Ֆրանսա հաստատուելով ու հոն ուսանելով, որպէս մասնագիտութիւն ընտրած էր լրագրութեան ճիւղը:
Լիլիա Մելքոնեան լրագրական ասպարէզի մէջ ունի տասնամեայ վաստակ, որոնց ընթացքին աշխատակցած է ֆրանսական յայտնի կայաններու հետ՝ «Գանալ Փլիւս»ի (Canal Plus) եւ «Ֆրանս 2»ի (France 2) մէջ, ուր ներկայիս կը շարունակէ աշխատակցիլ: Լիլիա արդէն բաւական ճանչցուած լրագրող դարձած է եւ հպարտանքով կը յիշուի ֆրանսահայ շրջանակին մէջ:
Խօսելով լրագրութեան մասին, Լիլիա նշեց, որ իր նախընտրած ոլորտը դաշտային լրագրութիւնն է եւ ինք հիմնական արագ (շտապ) լուրեր հաղորդելու ոլորտը ստանձնած է, կը զբաղի ընդհանրապէս երկրէն դուրս տեղի ունեցած դէպքեր՝ երկրաշարժներ, պատերազմներ եւ այլն:
«Օրինակ երբ Ֆրանսական Բանակը Մալի գնաց պատերազմի, ես ալ զինուորներուն հետ գացի, Թունիսի երկրաշարժին եւս գործով ուղղուեցայ այնտեղ»,- ըսաւ Լիլիա, նշելով, որ Հայաստան ալ առիթ ունեցած է, որպէս լրագրող այցելելու, երբ անցեալ տարի Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակին Ֆրանսայի նախագահը իր պատուիրակութեամբ այցելեց, ինք ալ ընդգրկուած էր զինք ուղղեկցող լրագրողական խումբին մէջ:
Մեր հարցումին պատասխանելով երիտասարդ լրագրողուհին նշեց, որ ան տակաւին վերջանական չէ որոշած թէ, որն է լուրեր հաղորդելու իր ոլորտը, ան մասնաւորապէս ըսաւ՝ «Հիմակ ու հիմա պատերազմական լուրեր կը հաղորդեմ, բայց վստահ չեմ, եթէ ուզածս միայն այս ոլորտի մէջ խորանալն է»:
Այլոց վկայութեամբ՝ իր գործընկերներու կողմէ շատ սիրուած, աշխոյժ լրագրողուհի է Լիլիան։ Ան նշեց նաեւ, որ ինք գրաւոր լրագրութեան փորձառութիւն չէ ունեցած, եւ զինք առանձնապէս գրաւած է հեռուստակայաններու հետ դաշտային լրագրողի աշխատանքը:
Լիլիա Մելքոնեան անդրադառնալով իր աշխատանքային տարիներուն ուշագրաւ եւ իրեն համար յատուկ նշանակութիւն ունեցող դէպքերուն՝ առանձնացուց Սուրիոյ պատերազմին հետեւանքով փախստական ժողովուրդի ճամբարներու այցելութիւնը եւ անոնց մասին լուրեր հաղորդելը: «Փախստականներու լուրերը, անոնց Թուրքիոյ սահմանէն՝ Յունաստան եւ այնուհետեւ դէպի Եւրոպա փախստական ընթացքը ներկայացնելս առանձնայատուկ նշանակութիւն ունեցով, այն առումով, որ չէի սպասեր, որ իրենց հետ պատահածը ինծի այդքան մեր պատմութիւնը յիշեցնէր, զգացի, որ անոնք ալ հայութեան ճակատագիրին ենթարկուած են, տեսածներս ու լսածներս շատ մօտ էին մեր մեծ հայրերէն լսած պատմութիւններուն. Ես այդ բոլորի մասին միշտ երեւակայած եմ, բայց չեմ տեսած եւ ապրած այդ զգացումը եւ իմ գործի բերումով առիթը ունեցայ այդ մէկը մօտէն զգալու, յատկապէս եզիտիներու հետ պատահած դէպքերը»,- մանրամասնեց լրագրողուհին, նշելով որ նոյնութիւն կար նաեւ վայրերու անուններու միջեւ, անոնց մէջ ալ Տէր Զօրէն եկողներ կային: Լիլիա նաեւ նշեց, որ այս միակ դէպքն էր, ուր ինք լրագրութենէ անդին, անկախ իր կամքէն, նիւթը ներկայացուցած էր մարդկային մօտեցումով, եւ այդ մէկը զգալի դարձած էր այն աստիճան, որ Փարիզ վերադարձին շատեր զինք ըսած էին, որ այս մէկը իր լաւագոյն գործերէն մէկը եղած է:
Հիւրին հետ նաեւ քննարկեցինք Միջին Արեւելքի մէջ ծայր առած ահաբեկչական շարժումներու հետեւանքները Ֆրանսայի վրայ, եւ հոն տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւններու աշխուժացումը եւ այլ հարցեր:
Յաջողութիւն եւ մեր ժողովուրդի պատիւ բերող աւելի եւս վերելք Լիլիային:
«Խմբ.»