Սեպտեմբեր 21-ին, Պոլսոյ «Տեփօ Իսթանպուլ» ցուցասրահին մէջ, Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ իրենց կեանքը Միջին Արեւելքի տարբեր հատուածներու մէջ շարունակած հայերու սերունդներուն մասին լուսանկարներու ցուցահանդէս բացուեցաւ, կը հաղորդէ« Ermenihaber.am»–ը:
Ըստ թրքական «Imctv.com.tr» լրատուական կայքին` «Կայան» անունը կրող ցուցահանդէսին ներկայացուած են թրքական «NarPhotos» լուսանկարչական խումբի անդամ Էրհան Արըքի գործերը: Արըքը 2014-2016 թուականներուն Թեհրանի, Սպահանի, Զախոյի, Պէյրութի, Անթիլիասի, Այնճարի, Ամմանի, Երուսաղէմի, Իսրայէլի, Երեւանի, Անթաքիոյ եւ Սթամպուլի մէջ լուսանկարած է եղեռնէն փրկուածներու սերունդները: Նկարներուն մէջ պատկերուած են անոնց կենցաղը, բնակավայրերն ու հայկական թաղամասերը:
Ցուցահանդէսի բացման ներկայացուած է նաեւ Արըքի հեղինակած համանուն գիրքը, որ հրատարակուեցաւ Պոլսոյ հայկական «Արաս» հրատարակչութեան կողմէ: Ցուցահանդէսը այցելուներուն առջեւ բաց է մինչեւ Հոկտեմբերի 16: