Հինգշաբթի, 31. 07. 2025

spot_img

Ըստ Երեւոյթին Դարձեալ Ձախողութիւն

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Լիբանանի նախագահական ընտրութեան առընչութեամբ մինչ ընդհանրապէս երկրին մէջ լաւատեսութեան մթնոլորտ մը կայ, թէ խորհրդարանի 28 Սեպտեմբերի նիստին պիտի յաջողի այս իրագործումը, անձնապէս տարակուսանքով կը վերաբերիմ այս ուղղութեամբ:

Կասկածս ունի իր հիմքերը:

Վերջերս Սէուտական Արաբիոյ մեծ վստահութիւնը վայելող եւ այս հենարանին վրայ Լիբանանի քաղաքական բեմին վրայ վերելք արձանագրող արդարադատութեան նախկին նախարար Աշրաֆ Ռիֆի մինչեւ օրս նախագահական հիմնական երկու թեկնածուներուն՝ Զօր. Աունի եւ Սուլէյման ֆրանժիէի մասին ժխտական յայտարարութիւններ ըրաւ երէկ: Այս կը նշանակէ, թէ վերոյիշեալ երկու թեկնածուներն ալ Սէուտական Արաբիոյ վերոյիշեալ թեկնածուներուն անուններուն հանդէպ դրական կեցուածք չունին առ այսօր:

Միւս կողմէ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի, որուն Լիբանան վերադարձին  հետ կապուած է նաեւ իր հաւանական համաձայնութիւնը Աունի թեկնածութեան նկատմամբ, երէկ դարձեալ յայտարարութիւն մը ըրաւ, շեշտելով, թէ Լիբանանի կապերը Սէուտական Արաբիոյ հետ միշտ ամուր եւ հաստատ պիտի մնան:

Այս ի՞նչ կը նշանակէ: Այս կը նշանակէ, որ հակառակ ակնկալուածին, 28 Սեպտեմբերին խորհրդարանը դարձեալ պիտի ձախողի երկրին նախագահը ընտրելու:

Վերլուծումի մը վրայ կարծիք մըն է արտայայտածս սիրելի ընթերցող, որուն համար սակայն այնքան կը փափաքիմ, որ սխալ ելլէ:

 

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին