Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Էդուարդ Նալպանտեան Նախագահած է ՀԱՊԿ Երկիրներու Արտաքին Գործոց Նախարարներու Հանդիպումը

ՀԱՊԿ արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նախագահ, ՀՀ ԱԳ նախարարի պաշտօնակատար Էդուարդ Նալպանտեանի նախագահութեաբ՝ Նիւ Եորքի մէջ, Սեպտեմբեր 22-ի առաւօտեան, տեղի ունեցած է կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան մամուլի, տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապի վարչութենէն:

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ՄԱԿ Ընդհանուր Ժողովի 71-րդ նստաշրջանի օրակարգին վերաբերող հարցեր, ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու առաջնահերթութիւնները, համատեղ ձեռնակուելիք քայլերը:

Նախարարները միտքեր փոխանակած են ՀԱՊԿ գործունէութեան առնչուող հարցերու շուրջ, ներառեալ` արտաքին քաղաքականութեան համադրման, միջազգային կառոյցներու մէջ համագործակցութեան արդիւնաւէտութեան բարձրացման ուղղութեամբ ձեռնարկուելիք քայլերու:

Քննարկուած են Հոկտեմբերին Երեւանի մէջ կայանալիք Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի նստաշրջանի եւ ՀԱՊԿ միւս կանոնադրական մարմիններու նիստերու նախապատրաստական աշխատանքները:

ՀԱՊԿ անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները միտքեր փոխանակած են հրատապ միջազգային հիմնախնդիրներու եւ անոնց կարգաւորման ուղղութեամբ իրականացուող քայլերու շուրջ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին