Անկախութիւնը ինչպէս անհատի, նոյնպէս ալ ազգի մը համար առողջ զարգացման նախապայմաններէն մէկն է:
Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ անկախութիւն:
Անկախութիւնն ու ազատութիւնը իրար ամբողջացնող՝ շատ յաճախ նոյնացած արժէքներ են: Երկիրի կամ անհատի անկախութեան չափանիշը ազատութեան աստիճանն է։ Որքան ազատութեան աստիճանը բարձր է, այնքան անկախութեան հասկացողութիւնը մեծ է։ Իսկ ազատութեան աստիճանը շատ մը տուեալներով պայմանաւորուած է: Անհատը ունի բազմաթիւ պահանջներ՝ սնունդ, ապահովութիւն, պատկանելիութեան, զգացում եւայլն:
Որքան այդ պահանջները բաւարարուած են, այնքան մարդը ազատ է եւ ինքնաբացայայտումը նուաճած: Հոգեբան Աբրահամ Մասլոն հայրն է Ինքնաբացայայտման տեսութեան (Self-actualization theory), ըստ որուն որքան մարդը ինքնաբացայայտութիւնը նուաճած է, այնքան ազատ է եւ բաւարարուած։ Մասլոն իր տեսութիւնը պատկերած է բուրգի ձեւով՝ անոր հիմքի բաժինին մէջ ներկայացուցած է մարդկային նիւթական ամենակենսական պահանջները, ուր աստիճանաբար բարձրանալով՝ այդ պահանջները նիւթականէն կը վերածուին հոգեւորի, իսկ բուրգի գագաթին կը գտնուին բարոյական չափնիշերը։ Հոգեբանին տեսութեան համաձայն՝ մինչեւ այն ատեն, որ մարդուն մօտ նիւթական ու կենցաղային շերտերը չեն բաւարարուած՝ հոգեւոր եւ բարոյական պահանջները կը մնան թերի ու անկատար։
Միւս կողմէ ազատութիւն եւ պատասխանատուութիւն հասկացողութիւնները սերտօրէն շաղկապուած են իրար: Ազատութիւնը պատասխանատուութիւն ալ կ՛ենթադրէ: Ազատութիւնը գիտակցութեան ձեւ է։ Եւ կեանքը քաոսի կը վերածուի, եթէ չգիտնանք անոր սահմանները:
Քաղաքացիական հասարակութիւնը կազմուած է անհատներէ, բնականաբար այն ինչ, որ անհատին մէջ կայ, կը դրսեւորուի հասարակութեան մէջ եւ հակառակ ուղղութեամբ:
Վերոնշեալ երեւոյթները անհրաժեշտ են եւ պէտք է կատարելագործուին՝ Հայրենիքի անկախութեան հզօրացման ի նպաստ։
Հայաստանի անկախութեան 25 տարիներ անցած են արդէն, որուն պահապանման ի խնդիր պէտք է զոհել ամէն բան: Հայրենիքի անկախութիւնը պետական եւ ժողովրդային մակարդակով բոլորիս պատասխանատուութիւնն է: Եթէ չգուրգուրանք եւ կորսնցնենք զայն պահելու պատասխանատուութեան զգացումը՝ կը կորսնցնենք մեր անկախութիւնը ու արդէն իսկ դատարկուող Հայրենիքէն եւ անկախ Հայաստանէն կը մնան միայն սարերն ու ձորերը, լիճերն ու գետերը, եկեղեցիներն ու վանքերը՝ դրացի երկիրներու բազմացող քաղաքացիներուն հաշւոյն:
Արդի ժողովրդավարական երկիրի մը իշխանութիւնը իր քաղաքացիներուն հոգատար ծնողքն է: Իշխանութեան գլուխ հասնող եւ երկիրը տնօրինող անձիք պէտք չէ մոռնան, որ իշխանութիւնը հասարակութեան ծառան է եւ անոնց կողմէ ընտրուած է՝ ծառայութեան այդ պատասխանատուութիւնը ստանձնելու համար եւ ոչ թէ անձնական շահեր հետապնդելու համար։ Հակառակ պարագային տեղի կ՛ունենայ օտարացում (alienation) իշխանութեան եւ ժողովուրդին միջեւ՝ ի վնաս Հայրենիքին։
Նոյնքան եւ աւելի մեծ է հասարակութեան պատասխանատուութիւնը՝ պահապանելու անկախութիւնը եւ հետեւաբար՝ իր ազատութիւնը: Իւրաքանչիւր քաղաքացի Հայրենիքի ամէն մէկ հիմնական խնդիրը պէտք է սորվի դարձնել անձնական: Հայրենիքի իւրաքանչիւր քաղաքացի՝ Հայաստան թէ արտերկիր ապրող, ամէն անգամ գլուխը բարձին դնելէ առաջ, Զօրավար Անդրանիկի հետեւողութեամբ պահ մը պէտք է հարց տայ ինքն իրեն. «Ի՞նչ ըրի այսօր Հայրենիքիս համար, մե՛ր Հայրենիքին համար»:
Հայ ժողովուրդն ու իշխանութիւնը հաւասար պատասխանատուութիւն կը կրեն՝ պահապանելու եւ յաւերժացնելու մեր Հայրենիքի անկախութիւնը: Լոզունգներէ եւ գանգատներէ անդին անցնելով՝ գործի լծուելու պահն է այսօր: Հայրենիքի անկախութեան 25-ամեակը պահն է նաեւ՝ երկիրի անկախութիւնը սոսկ նպատակ մը նկատելէ անդին անցնելու: Պահն է նաեւ զայն նկատել իբրեւ միջոց՝ նիւթական, հոգեւոր եւ բարոյական արժէքներ ստեղծելու, ամրացնելու եւ զանոնք աւելի եւս զարգացնելու։ Ամենակարեւորը՝ արժանի ըլլալու Հայրենիքի Անկախութեան: