Ուրբաթ, 13. 09. 2024

spot_img

Կապոյտ Յիշատակներ Հրդեհուած Մելգոնեանէն «Մելգոնեանցի ըլլալը չի բացատրուիր, այլ՝ կ’ապրուի» Սկաուտական Շարժումը (Թիւ 7)

*ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ*

Մելգոնեան հասնելէս երկու շաբաթ ետք, ծանուցում դրուեցաւ,որ անոնք որոնք կը փափաքին սկաուտական շարժումին միանալ, Չորեքշաբթի «Տաղաւար» (սկաուտարան) երթան եւ արձանագրուին։

ՄԿՀ Սկաուտական Խումբը
ՄԿՀ Սկաուտական Խումբը

Նախկին սկաուտները ըսին, որ շատ լաւ բան է սկաուտ ըլլալը։ Խարուկահանդէսներ, պտոյտներ, ձիւնագնացութիւն, մրցումներ, բանակումներեւ արշաւներ  մաս կը կազմէին շարժումին կը կազմակերպուին։ «Այս պտոյտներուն յաճախ Արենուշներն ալ  մաս կը կազմեն» ըսին անոնք ։  Ինչպէս նաեւ գործնական կեանքի բազմաթիւ գիտելիքներ ձեռք կը բերեն։

Չորեքշաբթի որոշուած ժամուն քանի մը տղոց հետՏաղաւար գացինք։ Եղբայր Գէորգ Կիւրեղեանը մեզ դիմաւորեց։ Սկաուտական շարժումի մասին կարճ բանախօսութիւն մը տալէն ետք՝բացատրեց Մելգոնեանի սկաուտական շարժումին միանալու պայմանները, մանաւանդ՝խիստ կարգապահութիւնն ու մեծերուն ամբողջական հնազանդութիւն ցոյց տալու պարտաւորութիւնն ու անբեկանելի օրէնքը։ Գրեթէ զինուորական կարգապահութիւն …

 

Պատմական

Շատ երկար եւ ճոխ է Մելգոնեանի Արիական Շարժումի պատմութիւնը։ Քանի մը պարբերութիններու մէջ պիտի փորձեմ ամփոփել հաստափոր հատորի մը արժանի պատմութիւնը եւ ապա պիտի սկսիմ քանի մը անուշ յուշեր գրի առնել իմ յուշերէս։

14358883_10153703016101277_1284184962881326279_n (1)

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան սկաուտական շարժումը հիմնուած է 1926-ին՝ Հաստատութեան բացման տարին, Լեւոն Աբգարեանի կողմէ։ 1935-ին, եղբայրներ՝ Օննիկ Գովան, Լեւոն Աբգարեան եւ Յակոբ Փալամուտեան, խումբը պաշտօնապէս կը վաւերացնեն Անգլիոյ սկաուտական կեդրոնին կողմէն, որ կը կոչուի «Հայկական Առաջին եւ Կիպրոսի 7-րդ Խումբ (Մելգոնեան)»։ 1933-ին, արդէն 200 արիներ մաս կը կազմէին սկաուտական շարժումին՝ արիապետ ունենալով Օննիկ Գովանը, իսկ Յակոբ Փալամուտեանն ու Բարունակ Թովմասեանը՝ որպէս օգնականներ։ 1936-ին Սըր Քէնըն Նիւհէմ, Կիպրոսի ընդհանուր արիապետը, Կղզիին 7-րդ Մելգոնեան Խումբը կոչած է «ամենամեծ, ամենէն լաւ կազմակերպուած եւ ամենէն եռանդուն գործունէութիւն ցոյց տուող խումբը»։

1953-ին Արիապետ կը նշանակուի Եղբայր Գէորգ Կիւրեղեանը։ Այդ շրջանին, Արիներն ու Արենուշները միասնաբար կը կազմակերպեն խարուկահանդէսներ, դաշտագնացութիւններ եւայլն։ Միաժամանակ կը ներկայացնեն «Արշին Մալ Ալան» օփերեթը։ Յաջորդող տարիներուն Արի-Արենուշական խումբերը կը ներկայացնեն նաեւ «Չարշըլը Արթին Աղան», «Պէպօ» եւ Չեխովի գործերէն ։

1959-ին կազմակերպուած համակիպրական «Խաղաղութեան Ճամբար» անունով բանակումին կը մասնակցին անգլիացի, յոյն, թուրք եւ հայ արիներ՝ թիւով 400։ Բանակավայրի կոկիկութեան, կառուցուածքին, «կէճիտ»ներու բազմազանութեան, մաքրութեան եւ այլ բնագաւարներու մէջ Մելգոնեանցիները կը խլեն առաջնութիւն եւ իրենց ճամբարը կը կոչուի «Ճամբարի Գոհար»ը։ Նոյն գիշերը՝ Մարտ 22-ին կազմակերպուած խարուկահանդէսին, ներկայ կ՚ըլլան աւելի քան 1500 հրաւիրեալներ։

Բանակումի քէֆերէն…
Բանակումի քէֆերէն…

1962ին, Եղբայր Գէորգ Կիւրեղեան հայրենիք ներգաղթելէն ետք, Արիապետի պարտականութիւնը կը ստանձնեն աշակերտներէն՝ Արա Գիւտեան (1962-1964), Համբիկ Մարուքեան, Վարդգէս Գուրուեան եւ Նիկողոս Մարոնեան եռեակը (1964-1965), ապա ուսուցիչներ՝ Միհրան Ճիզմէճեան (1965-1974), եւ Վարդգէս Գուրուեան (1974-1980)։

Մինչեւ Կիպրոսի Անկախութեան յայտարարութիւնը  (1960) 18 Արիներ արժանացած են «King Scout» բարձրագոյն տիտղոսին (Կիպրոսի մէջ միայն 24 արիներ արժանացած եւ այս պէճին)։ 1966-ին, չորս Արիներ՝ Համբիկ Մարուեան, Վարդգէս Գուրուեան, Նիկողոս Մանոնեան եւ Յովհաննէս Տիմիճեան ստացան «Հանրապետական Արի»ի բարձրագոյն կոչումը (Republic Scout)։ Այս տարիներուն կազմակերպուած համակիպրական սկաուտական մրցումներուն, Մելգոնեանի խումբը շահած է գրեթէ բոլոր առաջնութիւնները։ Հոս պէտք է յիշենք նաեւ Սկաուտապետ Եղբայր Յարութիւն Անմահունիին անունը։ Այս ազնիւ սկաուտապետը, մանաւանդ 1963 -1980 թուականներուն, եւ անկէ ալ անդին, ամէն Չորեքշաբթի Նիկոսիայէն կու գար Մելգոնեանի խումբին օգնելու։ Ան մեր «անպաշտօն» կապն էր Կիպրոսի Սկաուտական Շարժումի կեդրոնին հետ։ Միշտ կը քաջալերէր մեզ, կը մասնակցէր մեր միջոցառումներուն եւ շատ օգտակար կ՚ըլլար  գիտելիքներու ուսուցման գծով ։

Սկաուտները՝ ՄԿՀի մուտքին շարուած
Սկաուտները՝ ՄԿՀի մուտքին շարուած

1972 Ապրիլ 16-ին տեղի ունեցան Մելգոնեանի Արիական Շարժումի հիմնադրութեան 40-ամեակի Տօնակատարութիւնները։ Երկար եւ մանրակրկիտ պատրաստութիւններէ ետք տեղի ունեցած բանակումային ցուցադրութինները, սկաուտական աշխատանքներու (մէկ ծառէն միւսը կախուած կամուրջներ, աշտարակներ, դրօշակներ օդէն կախուած ձողերով, խոհանոցային կրակարաններ, եւայլն) հիացմունք արթեցին 1000-է աւելի այցելուներուն։ Այս առիթով բացումը կատարուեցաւ նաեւ Սկաուտական 40-ամեակի Յուշարձանին, բազմաթիւ Արի-Արենուշներ ստացան Առաջին կարգի պէճերը, իսկ կազմակերպուած աննախընթաց մեծ խարուկահանդէսի ժամանակ, Հաստատութեան պատասխանատուները ստացան պատուոյ կոչումներ։ Արիապետ Միհրան Ճիզմէճեան արժանացաւ «Չիֆ Քոմիշընըրզ Աուորտ»ին։

Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան Արենուշական Շարժումը հիմնուած է 1950 Մարտ 18-ին, առաջնորդութեամբ Օրդ. Հռիփ Գարագաշեանի։ 1954-էն մինչեւ 1980-ական թուականներու վերջը, Շարժումը ձեռնհասօրէն վարած է Տիկ. Հերմինէ Քէշիշեան –  Պէքարեանը։ Արենուշապետի պաշտօնը կատարած է նաեւ (5 տարի) Տիկ. Թագուհի Տէվլէթեանը։

Մելգոնեանի Արենուշներն ալ Տիկ. Հերմինէ Քէշիշեան – Պէքարեանի առաջնորդութեամբ Կիպրոսի ամենագործունեայ խումբին վերածուած էին։ Կիպրոսի տասը Queen’s Guide-երէն ութն եղած են մեր արենուշները։ Մինչեւ 1970-ական թուականներուն վերջերը, կղզին հանրապետութեան վերածուելէն ետք, առաջին կարգի բոլոր արենուշները եղած են Մելգոնեանցիները, իսկ 1967-1968 տարեշրջանին, 18 արենուշներ միասնաբար ստացած են 154 պէճեր, զարմացնելով կղզիին արենուշական շարժումի պատասխանատուները։ Այս պէճերուն քննութիւնները տեղի կ՚ունենային յոյն կամ անգլիացի արենուշապետ-քոմիշընըրներու կողմէ։

14329870_10153703016351277_1484379764902073627_n (2)

Մելգոնեանցի արենուշները (55 հոգի) կը մասնակցէին նաեւ արտադպրոցական բազմաթիւ միջոցառումներու, ինչպէս Լորտ եւ Լէյտի Պէյտըն Փալուլներու տարեդարձին առիթով կազմակերպուող «Thinking Day»ի տօնակատարութեանց՝ հայկական երգերով, պարերով եւ ցուցադրութիւններով, բանակումներու, եւայլն։ 1968-ին «մերոնք», 6 արենուշներ եւ Տիկ. Պէքարեանը , Հայաստան այցելեցին եւ հոն բացի քոյր արենուշներու բանակումներուն մասնակցութենէն, այցելեցին նաեւ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսին, Մարտիրոս Սարեանին, Սիլվա Կապուտիկեանին, Յովհաննէս Շիրազին, ինչպէս նաեւ այլ մտաւորականներու եւ արուեստագէտներու ու տեսարժան վայրեր։

Մեր Արենուշներուն ներքին բանակումները տեղի կ՚ունենային մրցակցական մակարդակով։ Տարի մը «հակառակորդ» իւրաքանչիւր խումբի մակարդակը այնքան բարձր էր, որ դատաւորները որոշեցին զոյգ խումբերուն ալ առաջնութեան բաժակը տալ … ։

Լոս Անճելըս
Շարունակելի

 

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին