Հինգշաբթի, 26. 06. 2025

spot_img

Թուրքիոյ Մէջ Սեբաստիոյ Իսլամացած Հայերու Մասին Պատմող Գիրք Մը Լոյս Տեսած է

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է պատմական Սեբաստիա նահանգի Զարա շրջանի փրկուած հայերու մասին պատմող «Դերձակ Վարդանուշի յիշողութիւնները» գիրքը, կը հաղորդէ Tert.am-ը՝ վկայակոչելով «Ակօս»-ը:

Գիրքին հեղինակ Աւետիս Օլկունը, որ գրի առած է իր մայրիկի յիշողութիւնները, 1940-ականներուն իր մանկութիւնը անցուցած է Զարայի մէջ:

9

Աւետիս Օլկունը գիրքին մէջ ներկայացուցած է սեբաստացի հայերուն շուրջ 100-ամեայ պատմութիւնը` 1915-էն մինչեւ մեր օրերը:

Գիրքին մէջ Օլկունը կը պատմէ, թէ ինչպէս իր ընտանիքը Ցեղասպանութեան տարիներուն փրկուած է կոտորածէն, այնուհետեւ 1950-ին գաղթած Սթամպուլ` կրօնական ճնշումներու հետեւանքով: Հեղինակը անդրադարձած է ծպտուած հայերու հանդիպած կրօնական եւ ընկերային խտրականութիւններուն, ժամանակին գործ գտնելու եւ մահմետական հասարակութեան մէջ ընդելուզուելու դժուարութիւններուն:

10

«Ակօս» թերթին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Աւետիս Օլկունը նաեւ նշած է, որ Սեբաստիոյ մէջ բոլորը կը ճանչնան կրօնափոխ հայերը: Ըստ անոր` կրօնափոխ հայերու ու միւս մահմետականներու միջեւ ամուսնութիւններ շատ քիչ տեղի կ՛ունենային, եւ հայերը կը նախընտրէին ներհամայնքային ամուսնութիւններ կազմակերպել:

Ստորեւ կը ներկայացնենք տպագրուած գիրքէն հատուած մը.

«Աստուած թող ոչ ոքի սովի միջոցով չդաստիարակէ: Այս սովէն եւ դժբախտ վիճակէն շատ հայեր գացին կողքի գիւղերը, գետի ափին տուներ կառուցեցին: Այս ամէնը գրելու համար շատ է: Այնքան թրքական գիւղեր կան, որ որպէս երկրորդ կամ երրորդ կին` հայուհիներ կ՛առնէին: Զարայի մօտ, Տեւեքսէ գիւղին մէջ չկար տուն մը, որ փախցուցած հայ կին չունենար: Մեր աւանին մէջ 3 մեծ հայկական գերդաստան ամբողջովին մահմետականացաւ: Անոնց կիներն ալ հայ են: Անոնք մզկիթէն դուրս չեկող մարդիկ են, առաւօտէն երեկոյ նամազ կ՛ընեն: Ինչ ալ ընեն` անոնց կեաւուր կ՛ըսեն: Երբ տեղ մը երթան, ըսեն Ահմեդն եմ, Պեքիրն եմ, ոչ ոք կը ճանչնայ։ Հաա, կեաւուր Պեքիրը, կեաւուր Ահմետը պիտի ըսեն, որ ճանչնան:

«Կ՛երթան աղջիկ ուզելու: Չեն տար: Կը լսէի, թէ ինչպէս Ահմետն ու կինը կու լային դրան մօտ»:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին