Երկուշաբթի, 02. 06. 2025

spot_img

Աւարտեցաւ Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Ղրղզստան Աշխատանքային Այցը

Աւարտեցաւ  Նախագահ Սերժ Սարգսեանի աշխատանքային այցը Ղրղզստանի Հանրապետութիւն:

Սեպտեմբերի 17-­ի առաւօտեան ՀՀ Նախագահը Ղրղզստանի Նախագահ Ալմազբեկ Աթամբաեւի եւ ԱՊՀ մասնակից պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին մասնակցած ՌԴ Նախագահ Վլատիմիր Փութինի, Մոլտովայի վարչապետ Պաւէլ Ֆիլիպի հետ այցելած է Արաշան համայնքի մէջ գտնուող Հայրենական մեծ պատերազմի մասնակիցներու եւ զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշահամալիր՝ ծաղկեպսակ դրած եւ   յարգանքի տուրք մատուցած է:

Պատուիրակութիւններու ղեկավարները յարգանքի տուրք մատուցած են նաեւ Ղրղզստանի 1916թ. ողբերգական իրադարձութիւններու ընթացքին զոհուածներու յիշատակին: Ինչպէս «Արմէնփրէս»­ին տեղեկացուցած են ՀՀ նախագահի աշխատակազմի հասարակայնութեան եւ տեղեկատուութեան միջոցներու հետ կապերու վարչութենէն, անոնք այնուհետեւ այցելած են «Գազպրոմը երեխաներին» ծրագրի շրջանակներու մէջ  կառուցուած սփորթային համալիր, ծանօթացած են ստեղծուած պայմաններուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին