Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանը Կը Պատրաստուի Դիմաւորելու 2016-2017 Տարեշրջանը

Դպրոցական նոր տարեշրջանի սեմին եւ վերամուտի նախօրեակին, Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի տնօրէնութիւնն ու անձնակազմը ունեցան իրենց նախապատրաստական հանդիպումներն ու աշխատանքները:

Արդարեւ, Շաբաթ, 3 Սեպտեմբեր 2016-ին, վարժարանիս տնօրէնութիւնը, բաժնի պատասխանատուները, տեսչական ու վարչական կազմերը միօրեայ ժողով-հանդիպումով քննարկեցին յառաջիկայ տարեշրջանի մարտահրաւէրները եւ պատրաստեցին անոր նախագիծը, կրթական բոլոր մարզերուն մակարդակով:

Երկրորդ հանգրուանով, Շաբաթ, 10 Սեպտեմբերի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Ս. Խաչ-Հարպոյեանի անձնակազմին տարեկան աւանդական հանդիպումը, որ ամէն տարի կը կատարուի ուսումնական տարեշրջանի սկիզբը:

Հանդիպումը սկսաւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. Պատարագով, որուն համապատարագեցին գերյարգելի հայր Եղիա Ծ. Վրդ. Եղիայեան եւ գերապատիւ հայր Մաշտոց վրդ. Զահթերեան: Իր փոխանցած քարոզին մէջ, Ս. Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ հայր Եղիայեան ըսաւ, թէ այս սուրբ Պատարագը առիթ է փառաբանելու Աստուծոյ եւ  զօրացած թափով սկսելու նոր տարեշրջան մը, խնդրելով Աստուծմէ որ օրհնէ զայն՝ ստանալու համար լաւագոյն արդիւնքները:  Գերյարգելի հայրը նշեց, որ այս տարուան բնաբանն է ողորմութիւնն ու անձնուիրութիւնը, մաղթելով որ բոլորս ալ Քրիստոսի նման ըլլանք գթասիրտ եւ շարունակենք Աստուծոյ դաստիարակչական ծրագիրը մեր վարժարանէն ներս, այդպիսով արդիւնաւէտ դարձնելով մեր առաքելութիւնը:

Հանդիպումը շարունակուեցաւ վարժարանիս ժողովասրահին մէջ: Տնօրէնուհի Տիկ. Ռիթա Պոյաճեան դպրոցական նոր տարեշրջանին կապակցութեամբ բարեմաղթութիւններ կատարելէ ետք, բարի գալուստ մաղթեց Ս. Խաչ-Հարպոյեանի ընտանիքին միացած նոր անդամներուն: Այնուհետեւ, ան ամփոփեց նախորդ տարուան պետական քննութեանց մէջ վարժարանիս աշակերտներուն արձանագրած արդիւնքները, գնահատեց բոլոր ուսուցիչները եւ պարգեւատրեց այն ուսուցիչները, որոնց շնորհիւ կարելի եղած էր ապահովել այդ պատուաբեր արդիւնքները:

Ապա, հիւրընկալեցինք հոգեբան դոկտ. Ահմատ Օուէյնին, որ զեկուցեց դասարանային կառավարման (classroom management) թեմային մասին: Ան ներկայացուց այս հմտութեան տիրապետելու, զայն զարգացնելու եւ այս գծով ներկայ դարու աշակերտներուն յարուցած մարտահրաւէրները դիմակալելու մեթոտները:

Աւարտին, լեզուական եւ գիտական նիւթերու ուսուցիչները, Ամերիկեան ծրագրի եւ Ուսումնական Յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու բաժանմունքներու պատասխանատուները, ինչպէս նաեւ մանկապարտէզի եւ արուեստից բաժանմունքներու ուսուցիչները խմբակներու բաժնուելով արծարծեցին իրենց տարեկան ծրագիրը եւ իրագործելի աշխատանքները:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ Ս. ԽԱՉ-ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ 

DSCN8044

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին