*Գէորգ Քէօշկէրեան*
Ազատ Շուկայի Դրութիւն (Free Enterprise)
Որպէս դրամատիրական երկիր՝ ամերիկայի արդիւնաբերական ընկերութիւնները կը վայելեն ազատ շուկայի դրութիւնը։ Այսինքն՝ իրենց արտադրութեանց գիները իրենք կ’որոշեն, առանց որեւէ պետական հաշուետուութեան պարտադրանքի։ Այդ գիներու որոշումը ընդհանրապէս կ’ըլլայ կամայական, նկատի ունենալով միա՛յն ընկերութեան ապահովելիք շահերը։
Այդ առումով, արդիւնաբերական ընկերութեանց ամենավատահամբաւն է դեղօրայք արտադրող հաստատութիւնները։ Ամերիկա արտադրուող դեղերուն մեծամասնութիւնը կարելի է շատ աւելի աժան գնել դրացի Գանատայէն կամ Մեքսիքոյէն, սակայն զանոնք ներածելը օրէնքով արգիլուած է։ Ահա քեզի երկսայրի սուրին պատմութիւնը . . .
Խօսինք օրինակներով։
«Mylan» դեղօրայքի ընկերութիւնը կ’արտադրէ «EpiPen» անունով դեղ մը, որ կը գործածուի գերզգայնութիւն (allergy) ունեցող մարդոց կողմէ։ Ան կը ծառայէ մարմնի պրկուած մկանները թուլացնելու, որու հետեւանքով անհատը կրնայ հանգիստ կերպով շնչել։
«EpiPen»-ի ծրարը՝ որ կը պարունակէ երկու սրուակ (տես նկարը), 2009-ին կը ծախուէր 100 տոլարի։ Այս տարի անոր գինը բարձրացաւ 600 տոլարի։ Բարեկամ՝ սա օր-ցորեկով կողոպուտ չէ, ի՞նչ է: Իսկ ընկերութեան արդարացումը կը հիմնաւորուի, նոր դեղեր հնարելու՝ իրենց գիտահետազօտական աշխատանքներուն սղաճով։
Եկէք հիմա դիտենք դրամին միւս երեսը։ Ընկերութեան գործադիր մարմնի գլխաւոր պաշտօնեային (CEO) տարեկան աշխատավարձքը 2007-ին 2.5 միլիոն էր, իսկ 2015-ին՝ 19 միլիոն։ Ուրեմն շատ դիւրին է եզրակացնել թէ ինչո՞ւ «EpiPen»-ի եւ հաւանաբար ընկերութեան արտադրած միւս դեղերուն գիները՝ հսկայական բարձրացում կրած են։
Վերջերս իմացանք, որ «Mylan» ընկերութիւնը այնքան քննադատութիւն ստացած է վերոյիշեալ իր որոշումին համար, որ ստիպուած է ոչ թէ գինը իջեցնել՝ այլ զեղջի կտրօն մը հրապարակել, ըստ որուն 600-ի փոխարէն 300 տոլարով մէկը կրնայ գնել երկու սրուակ պարունակող այդ ծրարը։
Turing դեղօրայքի ընկերութիւնը կ’արտադրէ «Daraprim» անունով դեղ մը, որ կը գործածուի քաղցկեղէ եւ aids-է տառապող հիւանդներուն կողմէ։ Մինչեւ 2015 թուականը, այդ դեղին հատը կը ծախուէր 13.50 տոլարի։ Յանկարծ դեղահատին գինը բարձրացաւ 750 տոլարի, ինչո՞ւ 5,000 տոկոսի բարձրացում . . .
Հարցումի մը պատասխանելով թէ ինչո՞ւ վերոյիշեալ դեղահատին գինը հսկայական մագլցում կրեց, «Turing» դեղօրայքի ընկերութեան վարիչ մարմնի գլխաւոր պաշտօնեայ (CEO) Մարթին Շըքրէլիս լկտիաբար արտայայտուեցաւ թէ «որովհետեւ կրնամ»։
Դժբախտաբար սա որեւէ մեծահարուստի մը մտայնութիւնն է։ Ան չի մտահոգուիր երբեք թէ կամայական իր մէկ որոշումը ի՜նչ աւեր կը գործէ ժողովուրդի մեծամասնութեան վրայ, որոնք տքնաջան կերպով պէտք է աշխատին իրենց առօրեայ ապրուստը հոգալու։ Իսկ եթէ իրենց անհրաժեշտ դեղահատին գինը 750 տօլար ըլլայ, ինչե՜ր պէտք է զոհեն՝ այդ դեղահատը հայթայթելու համար:
Եկուր տես որ սակայն յանկարծ բախտի անիւը շրջեցաւ եւ վերջին խնդացողըՄարթինը չեղաւ։ Հիմա թոյլ տուէք որ բացատրեմ։ Ուրեմն 2015-ի Դեկտեմբերին, Մարթին Շըքրէլիս ձերբակալուեցաւ՝ (տես նկարը) ամբաստանուելով խարդախութեամբ (securities fraud):
Առաւել, «Turing» դեղօրայքի ընկերութիւնը՝ չհանդուրժելով գայթակղեցուցիչ այս վարկաբեկման, պաշտօնազուրկ ըրաւ վատահամբաւ այդ արարածը։
Հոս տեղին է յիշել որ դեղօրայքի ընկերութիւնները մեծ ազդեցութիւն ունին պետական շրջանակներէ ներս, յատկապէս Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու Տան եւ Ծերակուտական Մարմնի անդամներուն վրայ՝ որոնց վերընտրութիւնները նիւթապէս կը հովանաւորեն։ Օրինաւոր այդ գործառնութիւնը կը կոչուի Lobbying: