Չորեքշաբթի, 25. 06. 2025

spot_img

Մոսկուայի Գիրքի Տօնավաճառ-Ցուցահանդէսին «Հայոց Պատմութիւնը» Մրցանակ Ստացած Է

Մոսկուայի գիրքի 29-րդ միջազգային տօնավաճառ-ցուցահանդէսին Հայաստան իր տաղաւարին մէջ ներկայացուցած է հայկական գրահրատարակչութեան վերջին երկու տարուայ գիրքերը, ներկայ եղած են նաեւ հրատարակիչներ: Այս մասին տեղեկացուցած է Հայաստանի Գրողներու միութեան նախագահ Էդուարդ Միլիտոնեանը:

Տօնավաճառ-ցուցահանդէսի ծիրէն ներս կայացած է ԱՊՀ երկիրներու «Գրքարուեստ» մրցանակաբաշխութիւնը, Հայաստանի կողմէ ներկայացուած ութ գիրքեր տարբեր անուանակարգերու մէջ արժանացած են մրցանակներու: Նկարիչ Վան Խաչատուրի ձեւաւորած Մովսէս Խորենացիի «Հայոց պատմութիւն» ալպոմը արժանացած է Grand Prize -ի:

Միլիտոնեան տեղեկացուցած է, որ հայկական տաղաւարի մէջ տեղի ունեցած են գիրքերու շնորհահանդէսներ, որոնց մէջ նաեւ Արտաւազդ Փելեշեանի «Դրոշման ժամանակը» երկհատորեակի շնորհահանդէսը, որուն մասնակցած է նաեւ հեղինակը, կը գրէ Panorama.am-ը:

«Տօնավաճառի ընթացքում հանդիպումներ եղան տարբեր երկրների հրատարակիչների, գրողների հետ, ձեռք բերուեցին նոր պայմանաւորուածութիւններ»,- յայտնած է Միլիտոնեան:

Սեպտեմբեր 7-11–ը կայացած Մոսկուայի Գիրքի 29-րդ միջազգային ցուցահանդէս-վաճառքին մասնակցած են երեք տասնեակէ աւելի երկիրներ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին