*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*
Երէկ ուրախութեամբ սակայն նաեւ ափսոսանքով Պուրճ Համուտի մէջ հանդիպեցայ նկարին մէջի ցուցատախտակին:
Ուրախութեամբ՝ որովհետեւ ան այդ վայրէն անցնող բոլորին ցոյց կու տար հայկական տուեալ հաստատութիւններուն հասնելու ուղղութիւնը, նաեւ չգիտցողին ծանօթացնելու անոնց անունները:
Ափսոսանքով՝ որովհետեւ ցուցատախտակէն կը բացակայէր միեւնոյն փողոցին մէջ գտնուող ազգային նոյնքան արժէք ունեցող հաստատութեան մը՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանին անունը:
Տուեալ կառոյցներէն շատ աւելի հին ներկայութիւն ունի Վահան Թէքէեան Վարժարանը այդ փողոցին մէջ, որ օրհնութիւն մը եղած է Պուրճ Համուտի հայ բնակչութեան համար՝ անոր զաւակներուն անխտիր ուսման լոյսը ջամբելու՝ 65 երկար տարիներէ ի վեր:
Վկայելով, որ համագործակցութիւնը միշտ ալ լաւ եղած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանին միջեւ՝ կը հաւատամ, որ պատահածը ժամանակավրէպ հատուածականութեան արդիւնքը չէ բնաւ, այլ քաղաքապետական ներկայ խորհուրդին կողմէ ակամայ բացթողում մը, որուն համար լիայոյս եմ, որ ան շուտով պիտի սրբագրուի:






