Երկուշաբթի, 07. 07. 2025

spot_img

Կարէն Կարապետեան եւ Տիմիթրի Մետվետեւ Հեռախօսազրոյց Ունեցած Են

ՀՀ նորանշանակ վարչապետ Կարէն Կարապետեան այսօր հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Ռուսիոյ կառավարութեան ղեկավար Տիմիթրի Մետվետեւի հետ:

Կառավարութեան տարածած հաղորդագրութեան համաձայն` ՀՀ վարչապետը շնորհաւորեր եւ բարեմաղթանքներ յղեր է Ռուսաստանի իր գործընկերոջը ծննդեան օրուայ առթիւ:

«ՀՀ վարչապետը կարեւորած է ՀՀ եւ ՌԴ կառավարութիւններու գործօն համագործակցութիւնը եւ երկկողմ առեւտրատնտեսական կապերու խորացումը` ի շահ հայ-ռուսական յարաբերութիւններու յետագայ զարգացման եւ ամրապնդման թէ՛ երկկողմ, թէ՛ բազմակողմ ձեւաչափով, որոնց շարքին նաեւ` Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրէն ներս»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին