Երեքշաբթի, 03. 02. 2026

spot_img

Պոլսահայ Լրագրող Հայկօ Պաղտատ` Անգարայի Քաղաքապետին. «Փողերս Ետ Տուր, Հաշտուինք»

Պոլսահայ լրագրող Հայկօ Պաղտատ Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէոքչէքին ուշագրաւ կոչ ըրած է: Թրքական ընդդիամադիր «T24» լրատուակայքի փոխանցմամբ` Թուրքիոյ մէջ Սեպտեմբեր 12-ին սկսած Քուրպան պայրամի(զոհաբերութեան տօն) ծիրէն ներս Պաղտատը հաշտութեան առաջարկ ըրած է Կէոքչէքին:

Պոլսահայ լրագրողը Twitter-ի իր էջին մէջ հետեւեալը գրած է. «Մելիհ Կէոքչէք, բոլոր անոնք, որոնք իրարու հետ կռուած են, տօներու առթիւ հաշտուած են: Փողերս ետ տուր, հաշտուինք»:

Յիշեցնենք, որ ամիսներ առաջ Անգարայի քաղաքապետ Մելիհ Կէոքչէքը հայց ներկայացուցած է Հայկօ Պաղտատի դէմ` իր մէկ գրառման մէջ Կէոքչէքին «հայ» եւ «նողկալի մարդ» անուանելու պատճառով: Դատարանը հայցը ընդունած էր միայն մասամբ եւ Հայկօ Պաղտատին պարտադրած 2500 լիրա փոխհատուցում վճարել` թուրք պաշտօնեային «նողկալի մարդ» անուանելուն համար:

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին