Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Հաւատալով Որ Եղածը Ակամայ Բացթողում Է Եւ Շուտով Պիտի Սրբագրուի…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Երէկ ուրախութեամբ սակայն նաեւ ափսոսանքով Պուրճ Համուտի մէջ հանդիպեցայ նկարին մէջի ցուցատախտակին:

Ուրախութեամբ՝ որովհետեւ ան այդ վայրէն անցնող բոլորին ցոյց կու տար հայկական տուեալ հաստատութիւններուն հասնելու ուղղութիւնը, նաեւ չգիտցողին ծանօթացնելու անոնց անունները:

Ափսոսանքով՝ որովհետեւ ցուցատախտակէն կը բացակայէր միեւնոյն փողոցին մէջ գտնուող ազգային նոյնքան արժէք ունեցող հաստատութեան մը՝ Վահան Թէքէեան Վարժարանին անունը:

Տուեալ կառոյցներէն շատ աւելի հին ներկայութիւն ունի Վահան Թէքէեան Վարժարանը այդ փողոցին մէջ, որ  օրհնութիւն մը եղած է Պուրճ Համուտի հայ բնակչութեան համար՝ անոր  զաւակներուն անխտիր ուսման լոյսը ջամբելու՝ 65 երկար տարիներէ ի վեր:

Վկայելով, որ համագործակցութիւնը միշտ ալ լաւ եղած է Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան եւ Վահան Թէքէեան Վարժարանին միջեւ՝ կը հաւատամ, որ պատահածը ժամանակավրէպ հատուածականութեան արդիւնքը չէ բնաւ, այլ քաղաքապետական ներկայ խորհուրդին կողմէ ակամայ բացթողում մը, որուն համար լիայոյս եմ, որ ան շուտով պիտի սրբագրուի:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին