Չորեքշաբթի, 17. 09. 2025

spot_img

Կոստանդիանոս Եւ Յուստինիանոս Մեծ Կայսրեր, Միլոսովիչ Եւ Հայ Ժողովուրդի Պատմական Դաշնակից Ու Բարեկամ Սերպիան Այսօր

*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*

Ամէն անգամ երբ ինքնաթիռին արբանեակային քարտէզ-ցուցանակը մեզի կը հրամցնէ 10 հազար մեթր ներքեւ «փոս»ի Սերպիան եւ պատմական Նիլ (Նաիսուս) քաղաքը՝ անմիջապէս կը տեղափոխուինք 18 դարեր առաջ…: Այստեղ ծնած է սերպ մօրմէ եւ հռոմէացի ռազմիկ հօրմէ՝ մարդկային պատմութեան մեծագոյն դեմքերէն մէկը՝ Կոստանդիանոս Մեծը, որ 313 թ. հռչակեց Միլանի հրովարտակը, որ փաստօրէն կը դադրեցնէր քրիստոնեաներուն դէմ պայքարը եւ ի վերջոյ Պաղեստինէն տարածուած, խաչեալ քրիստոսի եւ Պետրոս Առաքեալի, գլխատուած Պօղոս Առաքեալի եւ Հռոմի «Քոլեսիում»ի մէջ որպէս առիւծներու առջեւ յօշոտուող մարմիններ նետուած  հազարաւոր նոր հաւատքի հետեւորդներուն կրօնը կը յաղթանակէր՝ ինչպէս Հռոմէական կայսրութեան արեւմտեան ոստաններուն մէջ, ապա եւ յետագային յաղթանակած Բիւզանդիոնի Արեւելքի անծայրածիր ու հարուստ կալուածներուն, քաղաքներուն եւ աւաններուն մէջ: Կոստանդիանոս Մեծ նկատելով Արեւելքի բարձրացող քաղաքական, տնտեսական եւ կայսրութիւնը միաւորող քրիստոնէութիւնը, որ Արեւելքէն տարծուեցաւ Արեւմուտք, Վոսփորի ռազմագիտական ափերուն վրայ կառուցեց Կոստանդնուպոլիսը, որ այսօր «քրիստոնեայ» Արեւմուտքի եւ աշխարհի ժողովրդավարական ուժերու փրկիչ-դահիճ ԱՄՆ-ի աչքերուն առջեւ՝ թրքական «Սթամպուլ» կը կոչուի…:

Սերպիա ծնած է Բիւզանդացի-հռմէացի կայսր մը եւս՝ Յուստինիանոս Մեծը, որ Պէյրութի (Պերիթուս) մէջ իրաւաբանական համալսարան կառուցեց: Նաեւ ծագումով հայ 16 բիւզանդական կայսրեր, մէկ մասը «հարեւան» Մակեդոնիայէն, որոնք նշանաւոր հռոմէական Այրուձին կը կազմէին եւ յաղթանակներ կը տանէին հիւսիսի բարբարոսներուն դէմ:

Սերպիայի թագաւորութիւնը կործանելու եւ արգելք հանդիսանալու, որ Եւրոպայի հարաւի սլաւները միանան, Աւստրօ-հունգարիան պատերազմ յայտարարեց Պելկրատի (Պեսկրատ) դէմ, երբ 28 Յունիս 1914-ին Սարայեւոյի մէջ սպաննուեցաւ Սերպ-Պօսնական «Սեւ Ձեռք» ահաբեկչական գաղտնի կազմակերպութեան վրիժառու՝ Կաւրիլօ Փրինցէփի արձակած գնդակներով Մեծ իշխան Ֆրանց Ֆերտինանտ եւ իր կինը, Հօհենպուրկի դքսուհի Սօֆի: Անոր հետեւեցաւ ցարական Ռուսաստանի, կայսերական Գերմանիոյ, Մեծն Բրիտանիոյ եւ այլ պետութիւններու, ինչպէս Օսմանեան կայսրութեան, 1917-ին նաեւ ԱՄՆ-ի ու Ճափոնի Համաշխարհային Ա. պատերազմի հրդեհին մէջ ներգրաւումը, որ 17 միլիոն մարդոց սպանութեան եւ այլ 20 միլիոն հաշմանդամներու պատճառ դարձաւ: Եթէ հայ ժողովուրդը Ցեղասպանութեան ենթարկուեցաւ, միւս կողմէ կեանքի կոչուեցաւ Եուկոսլաւիա (Հարաւսլաւիա) դաշնակցային պետութիւնը, որ Հայ ժողովուրդի եւ հայութեան բարեկամ մնաց միշտ, պատսպարելով Մեծ Եղեռնէն փրկուած հազարաւոր հայու բեկրոներ եւ մանաւանդ  վրիժառու Սողոմոն Թեհլիրեանը:

Սերպ ժողովուրդը երբեք չմոռցաւ իր պատմական բարեկամ հայերն ու Հայաստանը: 1988-ին երբ Լենինականը՝ ներկայիս Կիւմրի, Սպիտակն ու Կիրովականը՝ ներկայիս Վանաձոր ցնցուեցան ահաւոր երկրաշարժէ, սերպ օդաչուներ իրենց կեանքը զոհեցին, երբ Զուարթնոց օդակայան էջք կատարելու ընթացքին, Հոկտեմբերեանի դաշտավայրին մէջ ինքնաթիռով գահավէժ ինկան եւ ան պայթեցաւ, իր հետ տեղափոխող օգնութեան հետ միասին: Այդ դժբախտ պատահարին վայրը կառուցուած է Հայ-սերպ եղբայրութիւնը խորհրդանշող յուշարձան, ուր ամէն տարի տեղի կ’ունենայ նահատակները ոգեկոչող արարողութիւն:

Եուկոսլաւիոյ հզօր ղեկավար Եոսիփ «Պրօզ» Թիթոյի մահուընէ տաս տարիներ ետք, երբ  կործանեցաւ Խորհրդային Միութիւնը, Արեւմուտքը այլեւս պէտք չուներ Եուկոսլաւիոյ միացեալ սլաւոնական պետութեան, որ նաեւ տնտեսական, ճարտարարուեստական ու քաղաքական մրցակից ոյժ կը ներկայացնէր: Այնպէս որ հրահրուեցաւ ահաւոր քաղաքացիական պատերազմ, Սերպիան քանդիչ ռմբակոծութեան ենթարկուեցաւ, ծախու մատնիչ Ճէնճիչի դաւադրութեամբ, Ռուսիոյ հարբեցող Ելցինի մեղսակցութեամբ (որ 6 միլիառ տոլար կաշառք ստացած էր Եուկոսլաւիան «ծախելու» եւ նէօ-ցարական գահին վրայ մնալու համար), սլաւոնական աշխարհի «Վերջին Տղամարդը»՝ Միլոսովիչ Միջազգային դատարան յանձնուեցաւ եւ ամբաստանուեցաւ… իր հայրենիքը պաշտպանելու ծանր յանցանքով: Բանտին մէջ շատ մութ պայմաններով փաստօրէն սպաննուած Միլոսովիչ, որ Արցախեան պատերազմին ռազմական մասնագէտներ ուղարկած էր՝ մարզելու եւ զէնքերով օժտելու հայոց բանակը, անմահութեան անցաւ իբր թէ յանկարծամահ եղած…։ Մի քանի օրեր յետոյ, Սերպիոյ մէջ պետական մեծ պաշտօններ ստացած Ճինճիչ, շանսատակ եղաւ հայրենասէր սերպի մը արձակած վրիժառու գնդակներէն:

Այսօր կայսրեր ու հերոսներ ծնած Սերպիա կը փորձէ ապաքինիլ իր վէրքերէն, ամբողջովին վերստին կառուցելով պատերազմներու պատճառով քարուքանդ եղած երկիրը, ուր զբօսաշրջիկութիւնը կը ծաղկի, առեւտուրը նոյնպէս, ինչպէս նաեւ կը գործէ հայկական ծաղկած գաղթօճախ մը, որուն լուրերը մեզի կը հասնին սերպիաբնակ տաղանդաշատ բանաստեղծուհի, գրող ու մտաւորական Ժաննա Յակոբջանեանի միջոցաւ:

 

spot_img
Նախորդ յօդուածը
Յաջորդ յօդուածը

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին