*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ *
Հակառակ այն բոլոր ջանքերուն եւ խորհրդակցութիւններուն, որոնք տեղի կ’ունենան Լիբանանեան կողմերուն միջեւ՝ շրջանցելու քաղաքական այն վերջին տագնապը, որ սկիզբ առաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի Ազգային երկխօսութեան նիստերը առկախելէ ետք, Լիբանանի քաղաքական հորիզոնը տակաւին կը մնայ մթագնած եւ անյստակ: Լուծումներու ո՛չ մէկ նշոյլ կայ առ այժմ այն տարատմ յոյսով, որ խորհրդակցութիւններ կրնան վերսկսիլ Ատհայի տօնական օրերէն ետք:
Մինչ այդ երկիրը տակաւին կը մնայ անգլուխ՝ առանց Հանրապետութեան նախագահի: Վերոյիշեալ քաղաքական տագնապին ի տես մտահոգութիւնս կ’աւելնայ, թէ մենք ոչ թէ մօտալուտ ապագայի դրութեամբ կը կորսնցնենք Հանրապետութեան նախագահի մը ընտրութիւնը, այլ եթէ այսպէս շարունակուի պիտի կորսնցնենք նոյնինքն Հանրապետութիւնը:
Մտահոգ մտորումներով եւ սպասման համբերութեամբ բարի արձակուրդ քեզի սիրելի ընթերցող։