Արցախի պաշտպանութեան նախարար Լեւոն Մնացականեան տեսակցեցաւ պաշտպանութեան նախարարին առընթեր հասարակական խորհուրդի նախագահ Գեղամ Յարութիւնեանին եւ խորհուրդի շարք մը անդամներու հետ: Պաշտպանութեան բանակէն յայտնեցին, որ տեսակցութեան ընթացքին քննարկուած են մարտական հերթապահութեան կրման, զինուորներու ընկերային եւ ապրուստային պայմաններու բարելաւման, առաջին գիծի վրայ իրականացող ամրաշինական աշխատանքներուն վերաբերեալ հարցեր:






