Զրուցեց ԳԷՈՐԳ ՉԻՉԵԱՆ
«Հայերն Այսօր»-ի զրուցակիցը Աւստրալիոյ «Հայաստան–Սփիւռք» գործակցութեան մարմինի կազմակերպիչ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ներկայացուցիչ եւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Աւստրալիոյ մասնաճիւղի նախագահ Հայկ Լեփեճեանն է:
–Պարո՛ն Լեփեճեան, Ձեր այցելութիւնները Հայաստան պարբերական բնոյթ կը կրեն: Կարօ՞տն է Ձեզի Հայրենիք բերողը, թէ՞ նաեւ այլ առաքելութիւններ կը կատարէք:
-Ամառնային արձակուրդներուն պարտադիր Հայաստան կու գամ: Շատ կը սիրեմ ամառնային Հայաստանը վայելել: Կը կարծեմ իւրաքանչիւր հայ ամառնային արձակուրդը անցնելու եւ լիարժէք հայ զգալու համար՝ այլ երկիրներ երթալու փոխարէն տարուան ընթացքին գոնէ մէկ անգամ պէտք է Մայր հայրենիք գայ: Արդէն երկու ամիսներ է, որ Հայաստանի մէջ եմ: Այստեղ ամէն մէկ օրս շատ յագեցած է, որ շատ հաճելի է: Այժմ կը վայելեմ նաեւ Հայաստանի աշունը եւ կը սպասեմ, որ Ամերիկայի Միացեալ Նահագներու մէջ ապրող զարմիկներս միանան ինծի: Եթէ մեզմէ իւրաքանչիւրը որոշէ իր արձակուրդը Հայաստանի մէջ անցնել, ապա ան պարզապէս հիանալի գաղափար կ’ըլլայ:
Եկած ենք նաեւ տեսնելու` «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղի Հայաստանի մէջ իրականացուցած ծրագիրները:
–Ի ՞նչ ծրագիրներ իրականացած են:
-Տաւուշի մարզի Խաչարձակ գիւղին մէջ 4 ջերմոցներ կառուցած ենք, ուր բանջարեղէն կ’աճեցնեն: Գացինք տեսնելու կատարուած աշխատանքը:
Նման նախաձեռնութիւններով կը փորձենք գիւղաբնակներուն համար պայմաններ ստեղծել, որպէսզի չհեռանան իրենց տունէն ու հողէն: Այս գիւղին մէջ նաեւ հիմնադրամի Արժանթինի մասնաճիւղի ջանքերով դպրոց մը կառուցուած է:
Ծրագիրներ ունինք իրականացնելու Գեղարքունիքի մարզի Գաւառ քաղաքի դպրոցներէն մէկուն մէջ, ուր ջերմամատակարարման հարցը պէտք է լուծենք:
Եղեգնաձորի Եղէգնիս գիւղին մէջ ոռոգման ջուրի վնասուած խողովակաշարը վերանորոգած ենք, մէկ այլ խողովակաշար ալ տեղադրեցինք` բնակչութեան խմելու ջուր մատակարարելու նպատակով:
–Պարո՛ն Լեփեճեան, որքան նկատելի է` Աւստրալիոյ հայ համայնքը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ սերտ համագործակցութեան մէջ է: Համատեղ ուժերով Հայաստան–Սփիւռք կապերը զարգացնելու ուղղութեամբ ի՞նչ աշխատանքներ կը տարուին:
-Նախ ըսեմ, որ իւրաքանչիւր այցելութեան ընթացքին պարտադիր կը հանդիպիմ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանին` իբրեւ Աւստրալիոյ «Հայաստան-Սփիւռք» գործակցութեան մարմինի կազմակերպիչ տարաբնոյթ հարցեր քննարկելու եւ յստակացնելու մեր յետագայ ընելիքները:
Արդէն 5 տարիներ է, որ կ’աշխատինք ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ: Այս համագործակցութեան ընթացքին Աւստրալիոյ հայ համայնքը շատ յառաջընթաց ունեցաւ, Հայրենիք-Սփիւռք կապերը աւելի սերտացան, համայնքը սկսաւ մշակութային աշխոյժ կեանքով ապրիլ:
Միշտ զգացած ենք ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի սրտցաւ ու անկեղծ վերաբերմունքը մեր նկատմամբ: Անցեալին բոլորովին այլ պատկեր էր: Կը յիշեմ երբ 2012-ին Հրանոյշ Յակոբեան Աւստրալիա այցելեց, խանդավառութիւն յառաջացաւ համայնքէն ներս. սկսանք աւելի կորովով աշխատիլ` մեր հոգիին մէջ ունենալով հզօր Հայաստան ունենալու տեսլականը:
Կը մասնակցինք նաեւ նախարարութեան կողմէ իրականացուող «Արի տուն», «Իմ Հայաստան» փառատօն եւ միւս ծրագիրներուն: Մէկ խօսքով աւստրալահայ համայնքն ու Հայրենիքը աւելի մօտեցան իրար: Նոյնիսկ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան «Ճանչնալ, վստահիլ եւ գործակցիլ» նշանաբանը մեր նշանաբանը դարձած է:
Նախարարութեան հետ իրականացող կարեւոր ծրագիրներէն է Աւստրալիոյ մէջ հայոց լեզուի ուսուցիչներու վերապատրաստման դասընթացքներու կազմակերպումը: Հայաստանէն արդէն երկու ուսուցիչներ Աւստրալիա գործուղուած են:
Վերապատրաստման այս դասընթացքները պէտք է զօրացնենք ու յաճախակի դարձնենք, քանի որ սփիւռքահայ երիտասարդներուն մէջ Մայրենիի հանդէպ սէր արթնցնելը շատ կարեւոր է բոլորիս համար:
Կը կարծեմ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ դեռեւս երկար ճանապարհ ունինք անցնելու. մեր արդիւնաւէտ համագործակցութիւնը շարունակական բնոյթ պիտի կրէ:
–Համայն հայութեան համար տարին յոբելեանական է. Սեպտեմբեր 2-ին նշեցինք Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակը, իսկ Սեպտեմբեր 21-ին պիտի տօնենք Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակը: Աւստրալահայ համայնքը ի՞նչ նախաձեռնութիւններով հանդէս պիտի գայ այս առիթով:
– Սեպտեմբեր 18-ին համայնքին ուժերով յատուկ տօնակատարութեամբ պիտի նշեն Արցախի անկախութեան 25-ամեակը:
Նոյեմբեր 12-ին «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Աւստրալիոյ մասնաճիւղը ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ՝ դրամահաւաք-ճաշկերոյթ պիտի կազմակերպէ, որուն հասոյթէն որոշակի գումար պիտի ուղարկենք Հայաստան եւ Արցախ:
Տօնական ճաշկերոյթին ելոյթ պիտի ունենան Հայաստանէն հրաւիրուած երգիչներ Ռուզան Աւետիքեան, Արմէն Դաւթեան եւ երաժիշտ Սերկէյ Այվազեան:
Ընդհանրապէս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան հետ համագործակցաբար, Հայաստան-Սփիւռք մշակութային կապերը զարգացնելու նպատակով՝ համերգային ծրագիրով Հայաստանէն շատ երգիչ-երգչուհիներ եկած են: Անոնք իրենց ժողովրդական կատարումներով աւստրալահայերուն ոչ միայն ուրախութիւն կը պարգեւեն, այլեւ կ՛օգնեն մօտ ըլլալ ազգային ակունքներուն: Այսպիսի նախաձեռնութիւնները կը խթանեն կապուածութիւնը Հայաստանին, հայկական մշակոյթին հանդէպ, յատկապէս հայ երիտասարդներուն մօտ:
Անմոռանալի պահեր ապրեցանք անցեալ տարի Սիտնէյի Թումպալոնկ զբօսայգիի Տարլինկ Հարպոր նաւահանգիստին մօտ տեղի ունեցած՝ Սիտնէյի ամէնամեայ Հայկական փառատօնին ժամանակ, որ ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան, Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբի հովանաւորութեամբ եւ ՀՄԸՄ-ի, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան, Հայ օգնութեան միութեան համատեղ նախաձեռնութեամբ իրականացած էր: Փառատօնը իր ներկայութեամբ պատուած էր նաեւ ՀՀ Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, իսկ երգիչներ Զարուհի Բաբայեանն ու Համլէթ Գէորգեանը իրենց կատարումներով ազգային շունչ ու ոգի տարածեցին շուրջբոլորը: Ներկայ էին նաեւ այլազգիներ, որոնք հիացած էին հայկական մշակոյթով:
–Վերջերս Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը նոր կազմ ընտրեց: Որո՞նք են նորընտիր կուսակցութեան յետագայ ծրագիրները:
– Իբրեւ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան (ՌԱԿ) Աւստրալիոյ մասնաճիւղի ատենապետ կրնամ ըսել, որ պիտի շարունակենք աշխատիլ կուսակցութեան անփոփոխ գաղափարով` ըլլալ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի կողքին, նպաստելով Հայաստան-Սփիւռք-Արցախ եռամիասնութեան ամրապնդման:
Յուսով եմ ՌԱԿ-ը իր նորընտիր ատենապետ Սերխիօ Նահապետեանի եւ փոխատենապետ Լեւոն Պըլըխեանի գլխաւորութեամբ` առաջ կ’ընթանայ եւ կրնայ լուծել իր առջեւ դրուած խնդիրները: Կարեւոր ձեռքբերում կը համարեմ ԵՌԱԿ-ի (Երիտասարդ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւն) եւ «Միրաք» պատանեկան-ուսանողական շարժման ստեղծումն ու գործունէութիւնը, որոնց կազմին մէջ արդէն շատ պատանիներ ու աղջիկներ ընդգրկուած են:
ՌԱԿ-ը նաեւ իր գրասենեակը բացաւ Երեւանի մէջ` Թէքէեան Մշակութային Կեդրոնին մէջ: