ՀՀԿ խորհուրդի նիստին, իր խօսքը ուղղած է նաեւ ՀՀ վարչապետի թեկնածու Կարէն Կարապետեան:
ՀՀԿ-ի կողմէն վարչապետի պաշտօնին ներկայացուած թեկնածու Կարէն Կարապետեան եւս շնորհակալութիւն յայտնած է Նախագահ Սերժ Սարգսեանին եւ ՀՀԿ խորհուրդի նիստի մասնակիցներուն` վստահութեան համար: Ան հաւաստիացուցած է, որ ամէն ինչ պիտի ընէ՝ արդարացնելու այդ վստահութիւնը:
Կարէն Կարապետեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանին` իր աշխատանքին համար: Վարչապետի թեկնածուն նշած է, որ մօտ ժամանակներս պիտի ներկայացնէ մեր երկրի զարգացման վերաբերեալ ծրագիր, որ բաղկացած պիտի ըլլայ երկու փուլէ: Առաջին փուլը պիտի ներառէ այն հնարաւոր արագ փոփոխութիւններն ու յաջողութիւնները, որոնք կրնան որոշ առումով վստահութիւն եւ հաւատք ներշնչել ծրագիրին նկատմամբ, իսկ երկրորդ փուլը պիտի ըլլայ մեր երկրի հեռանկարային զարգացման տեսլականը: Կարէն Կարապետեան նշած է, թէ շնորհակալ պիտի ըլլայ բոլոր գործընկերներուն, որոնք պիտի ներկայացնեն իրենց առաջարկները եւ տեղեկացուցած է, որ մօտ ժամանակներս պիտի հրաւիրէ գործընկերները` տնտեսագէտներ, գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներ, խոշոր գործարարութեան ղեկավարներ ու բոլոր անոնք, որոնց թեման հետաքրքրական է` կլոր սեղանի շուրջ քննարկելու այդ ամէնը:
Ելոյթի աւարտին՝ Կարէն Կարապետեան մէկ անգամ եւս շնորհակալութիւն յայտնած է վստահութեան համար եւ խոստացած ազնիւ ու լիարժէք աշխատանք: