*ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ*
ՀԲԸՄ-Ի Վեթերաններու եւ Բարերարներու Համախմբումի վարչութիւնը, առաջնորդութեամբ ատենապետ Շահէ Պապահէքեանի, աւանդութիւն դարձած ամառնային պտոյտին համար վայր ընտրած էր՝ Լիբանանի հարաւը մինչեւ իսրայէլեան սահմանը:
24 Յուլիս 2016-ին, Կիրակի առաւօտ 140 հոգինոց խումբ մը, մեծով պզտիկով, երեք մեծ հանրակառքերով ճամբայ կ’ելլենք, Սին էլ Ֆիլի ՀԲԸՄ-ՀԵԸ-ի Անդրանիկ Սեւան ակումբէն: Քառորդ ժամ ետք արդէն Սայտայի մայրուղիին վրայ ենք: Ճամբուն եզրին ծաղարանի մը առջեւ կանգ կ’առնենք նախաճաշի համար ու ապա նորէն ճամբան կը շարունակենք դէպի Սայտա ու աւելի անդին:
Հետաքրքրական էր դիտել ճամբուն ձախ կողմը բլուրներու վրայ ցանցառ կերպով չորս հինգ յարկանի շէնքեր, մաս մը կիսաւարտ վիճակի մէջ, որոնց պատուհաններն ու դռները խոռոչի կը նմանէին: Անոնց կողքին կային ամբողջացած շէնքեր, բայց գրեթէ անբնակ:
Ճարտարապետական ոչ մէկ ճիգ զանոնք գեղեցկացնելու, գրեթէ միօրինակ ու անհրապոյր: Մինչ ճամբուն աջ կողմը Միջերկրական խաղաղ եւ կապոյտ ծովը փռուած էր մինչեւ հեռաւոր հորիզոններ:
Արդէն կ’անցնինք Սայտայի, պատմական Սիտոն-Սայտա քաղաքի մէջէն, որուն աջ կողմը, ծովուն բացը կղզիի մը վրայ կ’երեւի՝ ՔԵ. 1300-ական թուականներուն խաչակիրներու կողմէ շինուած բերդ – ամրոցը:
Ժամանակը սուղ է, հանրակառքերը առանց դադարի իրենց ճամբան կը շարունակեն եւ կ’ուղղունիք Սայտայէն ութը քլմ. հեռաւորութեամբ եւ 200-մեթր բարձրութեամբ բլուրի մը վրայ գտնուող Մաղտուշէ պատմական գիւղը: Հանրակառքերը գիւղին հրապարակին վրայ կանգ կ’առնեն: Երկու ժամ ունինք ծանօթանալու պատմական գիւղին մանրամասնութիւններուն:
Մաղտուշէն սիրիաք բառ մըն է, որ կը նշանակէ բերք հաւաքողներ: Գիւղը բնակուած է առաւելապէս մելքիթ յոյն կաթողիկէ քրիստոնեաներով: Բնակչութեան թիւը շուրջ 8 հազար է, որոնք ընդհանրապէս կը զբաղին երկրագործութեամբ՝ գլխաւորաբար նարնջենիներու մշակութեամբ:
Աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ Յիսուսը իր աշակերտներուն հետ քարոզելու համար կու գայ Տիւրոս-Սուր եւ Սիտոն-Սայտա քաղաքները, անոր կ’ընկերանար մայրը՝ Մարիամը: Մայրը չի հետեւիր Յիսուսին, այլ կը մնայ Մաղտուշէ՝ քարայրի մը մէջ, սպասելով զաւակին վերադարձին:
Մարիամ Աստուածածինի պահուըտած քարայրը հին ժամանակներուն ուխտատեղի կը դառնայ: Բիզանդիոնի Կոստանդիանոս կայսրը ՔԵ. 300-ական թուականներուն կը կառուցանէ Ս. Կոյսին նուիրուած աշտարակ մը: Մի քանի դարեր վերջ, երկրաշարժի պատճառով աշտարակը կը քանդուի: Արաբական արշաւանքներու ժամանակ սրբատեղին կը մոռցուի: Նոր ժամանակներուն՝ 1726 թուականին, հովիւ մը պատահմամբ կը յայտնագործէ քարայրը, որուն մէջ կը գտնեն Ս. Աստուածածինի նուիրուած եօթերորդ դարու բիւզանդական ոճով սրբանկարներ՝ Icon-ներ: Այդ ժամանակէն ի վեր քարայրը կրկին կը դառնայ ուխտատեղի: 1860-ական տարիներուն շրջանը կը դառնայ մելքիթէ յոյն կաթողիկէներու ստացուածքը:
1960-ի սկիզբները առաջնորդութեամբ եպիսկոպոս (monseignieur) Պասիլ Խուրիի կը կառուցուի ներկայիս գոյութիւն ունեցող Ս. Աստուածածինի նուիրուած աշտարակը, որ ունի 26 մեթր բարձրութիւն եւ որուն վրայ զետեղուած է Յիսուս Մանուկը գրկած Մարիամ Աստուածածինի պրոնզէ արձանը, 8.5 մեթր բարձրութեամբ եւ 6 թոն ծանրութեամբ:
Աշտարակի եւ արձանի յղացումն ու անոր շինութեան գործադրութեան հսկողութիւնը, կը վստահուի ճանչցուած ճարտարապետ Վարուժան Զաւէնին, իսկ արձանը կը շինուի Իտալիա՝ Բիէդրա Սանթայի մէջ, արուեստագէտ Բիէրրոթոյի կողմէ: Յուշակոթողի բացումը կը կատարուի 1963 Մայիս 16-ին ու ան կ’անուանուի Our Lady of Mantara (Տիրամայրը սպասումի մէջ): Ամբողջ կառոյցը ճարտարապետական գլուխ գործոց մըն է, որուն համար ճարտարապետը ոչ մէկ նիւթական հատուցում պահանջած է:
Ամէն տարի հազարաւոր ուխտաւորներ կ’այցելեն գիւղը ու մարդիկ յաճախ իրենց զաւակները հոն մկրտել կու տան:
Աշտարակի գետնայարկը կայ մատուռ մը, Աստուածածինի նուիրուած սրբանկարներով: Այդ մատրան մէջ՝ ներկայութեամբ ուխտաւորներու, Անայիս Կետիկեան եւ Հայկազ Կեօքկէօզեան Կոմիտասեան Տէր Ողորմեան երգեցին, տպաւորելով ուխտաւորները: Նոյն շրջանին մէջ օրուան պահանջքին գոհացում տալու համար, կառուցուած է հազար աթոռ ընդգրկող պազիլիք եկեղեցի՝ մը արդիական ոճով, գունագեղ պատուհաններով ու սրբանկարներով:
Արդէն Մաղտուշէի ծանօթացման համար տրամադրուած երկու ժամերը սպառած են եւ վեթերաններու հանրակառքերը իջնելով բլուրէն, կրկին կը բռնեն ծովեզերեայ ճամբան:
Հետաքրքրական երկիր մըն է Լիբանանը, որուն ոչ մէկ շրջանը կը նմանի միւսին: Գեղեցիկ մոզայիք մըն է անոր բնութիւնը: Մինչեւ Սուր քաղաք, ճամբուն եւ ծովուն միջեւ բաւական լայն տարածութիւն մը, մշակուած է նարնջենիներով, պանանի տունկերով եւ ձմերուկի պարտէզներով: Մինչեւ 1975, Լիբանանի ներքին պատերազմէն առաջ, Լիբանանի պտուղները ողողած էին Միջին Արեւելքի բոլոր երկիրները:
Ժամերը կը սահին ու մենք արդէն Սուրի պատմական Տիւրոս քաղաքին մէջէն կ’անցնինք: Այս քաղաքը փիւնիկեան շրջանին յորջորջուած է փիւնիկեան ծովեզերքի թագուհին: Մեծն Աղեքսանդր Մակեդոնացին ՔԱ. 333-ին, 7 ամիսներ պաշարելէ ետք միայն, կրցած էր զայն գրաւել: Այդ քաղաքին մէջէն յետագային անցած են հռոմէացիներ, բիւզանդացիներ, արաբներ, խաչակիրներ եւ օսմանցիներ: Այսօր Լիբանանը արեւմտեան եւ արեւելեան քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկին վրայ գտնուող երկիր մըն է:
Հանրակառքերը առաջ կ’ընթանան բարձրանալով բլուրները՝ անցնելով Կանայէն, ուր Յիսուս Քրիստոս ջուրը գինիի վերածեց: 1996-ին իսրայէլեան օդանաւերը քաղաքը անխնայ ռմբակոծելով՝ հարիւրէ աւելի անմեղ մարդիկ սպաննեցին:
Հանրակառքերը կը շարունակեն բլուրներէն վեր ու կ’անցնինք Հարիս գիւղին մէջէն, որուն արեւելեան կողմը մի քանի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի Թպնին գիւղաքաղաքը, Լիբանանի խորհրդարանի «ցկեանս» նախագահ Նապիհ Պըրրիի ծննդավայրը:
Խաչակիրներու արշաւանքներու ժամանակ Թպնին կարեւոր ամրոց-քաղաք եղած է: Մինչեւ այսօր ալ այդ շրջանէն շէկ մազերով եւ կապոյտաչեայ տղոց ու աղջկանց կը հանդիպինք:
Դէպի բարձունքները մեր ճամբորդութեան ընթացքին, ճամբու երկու կողմերը կ’երեւին պարտէզներով շրջապատուած, ճարտարապետական գեղեցիկ ոճով շինուած մենատուներ: Հաւանական է, որ անոնց տէրերը Ափրիկէի մէջ աշխատող լիբանանցիներ են, որոնք երկիրին կարօտով իրենց շահած դրամը ներդրում կատարած են, հանգստեան կոչուելէ ետք հոն խաղաղութեամբ ու հանդարտութեամբ ապրելու իրենց կեանքի վերջին տարիները:
Յետմիջօրէի ժամը երեքի ատենները, Պէյրութէն շուրջ 110 քլմ. հեռաւորոթեան վրայ գտնուող Այն Ըպըլ գիւղը կը հասնինք, որ ծովու մակերեսէն մօտ 700 մեթր բարձրութիւն ունի, իսրայէլեան սահմանէն միայն մի քանի քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ:
Այն Ըպըլ քրիստոնէական գիւղ մըն է, որ ունի երեք վարժարաններ: OAK HILL պանդոկը ուր խումբը իջեւանած էր ճաշելու համար, արդիական ոճով, ամէն տեսակի յարմարութիւններով կառոյց մըն է, ունի լողաւազան, թենիսի խաղավայր, մարզասրահ, ձիավարութեան յարմարութիւն, բացօթեայ եւ ներքին ճաշարաններ, վերջապէս իտէալ տեղ մը զբօսաշրջիկներու եւ մեղրալուսնի եկողներուն համար: Պանդոկը կը պատկանի Սաքըր ընտանիքին, որոնց նպատակը եղած է շրջանը զարգացնել զբօսաշրջութեան համար:
Ութը ժամեր ճամբորդելէ ետք ՀԲԸՄ-ի վեթերան անդամները վերջապէս առիթ կ’ունենան՝ օղիով ու խորովածով իրենց յոգնած մարմինները հանգչեցնելու: Ատենապետ Պրն. Շահէ շնորհակալութիւն կը յայտնէ ներկաներուն, որոնք սիրով եւ ուրախութեամբ հրաւէրին ընդառաջած էին, աւանդական դարձած ամառնային այս պտոյտին, վերանորոգելով անդամներուն միջեւ եղած բարեկամական կապերը: Սովորութիւն դարձած վիճակահանութենէն ետք, ուղեւորները իրենց տեղերը կը գրաւեն հանրակառքերուն մէջ:
Եզերելով իսրայէլեան սահմանը կը հասնինք ծովեզերեայ Նագուրա քաղաքը, ուր կայք հաստատած են Միացեալ Ազգերու պահակագունդը: Դժբախտաբար չկրցանք հանդիպիլ հայկական զօրագունդին:
Ուշ գիշերին ծովեզերեայ ճամբով կը հասնինք մեր բնակած քաղաքը՝ Պէյրութ:
Վարձքը կատար պտոյտը կազմակերպող ՀԲԸՄ-ի վեթերաններու եւ բարերարներու համախմբումի վարչական անդամներուն, որոնք այնքան բծախնդրօրէն կազմակերպած էին հետազօտական ու վայելքի այդ օրուան պտոյտը:
31 Օգոստոս 2016






