Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

«…Պահրուհու Պարրուհու Տուրրադ Ուլ Շարքէյն…»

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Խմբագրատան աշխատանքներէն յոգնած, անցեալ օր քիչ մը ծովեզերքը քալեմ ըսի, երբ նկարին մէջի այս «գեղեցիկ» տեսարանին ականատեսը եղայ… ուր այլեւայլ աղբերու կողքին   սատկած կով մըն ալ ծովեզերքի ջուրերուն վրայ կը ծփար…:

Ի տես այս տեսարանին Լիբանանի քայլերգէն տող մը միտքս ինկաւ… «…Պահրուհու պարրուհու տուրրադ ուլ շարքէյն…» (Իր ծովն ու ցամաքը արեւելքի մարգարիտն են)…:

Լիբանանի ցամաքի աղբակոյտերը կարծես չէին բաւեր, ծովն ալ անկէ ետ չի մնար…։ Իսկական մարգարիտ։ Խօսք չուզեր:

Այսօրուայ համար ալ այսքան սիրելի ընթերցող:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին