Սեպտեմբեր 6 լոյս 7-ին Ղարաբաղա-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու սահմանագիծին վրայ, հակառակորդի կողմէ հրադադարի պահպանումը խախտած է շուրջ 30 անգամներ, որու ընթացքին տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ, հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 370 կրակոցներ:
Ըստ ԼՂՀ ՊԲ մամուլի ծառայութեան տեղեկութիւններու՝ Սեպտեմբեր 7-ին ժամը 01:30-ի ատեն, ՊԲ հիւսիս-արեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած զօրամասերէն մէկուն պահպանութեան տեղամասի մէջ, մարտական հերթապահութեան կանոնները խախտելու հետեւանքով զոհուած է զինծառայող, 1997-ի ծնունդ Արման Ալիկի Ղանտիլեանը:
Դէպքին մանրամասնութիւնները պարզելու համար կը կատարուի քննութիւն:
ԼՂՀ պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը կիսէ կորստեան ծանր վիշտը եւ իր զօրակցութիւնը կը յայտնէ զոհուած զինծառայողի ընտանիքի անդամներուն, հարազատներուն եւ ծառայակիցներուն: