«Թեքնոլոճի անտ սայնս տայնամիքս» ընկերութեան արտադրած «Արմֆոն» տեսակի հայկական բջիջային հեռախօսները Սեպտեմբեր 20-էն ազատ վաճառքի պիտի հանուին: Այս մասին կը յայտնեն ընկերութեան հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինէն:
Յիշեցնենք, որ հայկական արտադրութեան սմարթֆոնները առաջին անգամ ներկայացուեցան Յունիս 6-ին: Անոնց գինը կը տատանի 50-էն 150 հազար դրամի միջեւ:
Հայկական արտադրութեամբ առաջին smartphone-ները, ըստ զայն ստեղծող ընկերութեան հիմնադիրին, որակեալ են եւ ոչինչով կը զիջին շուկային մէջ առկայ տարբերակներուն:
Հեռախօսները ունին 5 տարբերակ ու ըստ իրենց ճարտարագիտական բնութագրիչներուն մրցունակ են. անոնք ունին ցած գին` համեմատ շուկայի մէջ առկայ հանրայայտ մակնիշներուն, բարձր են` չինական ոչ ծանօթ ապրանքանիշերէն:
Հեռախօսներուն զանգերը ներկայացուած են Կոմիտասի, Սայաթ Նովայի, Նիկողայոս Տիգրանեանի, Ստեփան Էլմասի շարք մը ստեղծագործութիւններով:






