Երկուշաբթի, 15. 09. 2025

spot_img

Հակառակ Կենցաղային եւ Տնտեսական Դժուարութիւններուն` Սուրիոյ Հայկական Վարժարանները Միշտ Բաց Կը Պահեն Իրենց Դռները

Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի, Հասիչէի, Քեսապի բոլոր հայկական վարժարանները կը պատրաստուին Սեպտեմբեր 19-­ին` նոր ուսումնական տարուայ մեկնարկին: Այս մասին «Արմենփրես»-­ի հետ զրոյցի ընթացքին նշած է Հալէպի «Գանձասար» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Զարմիկ Պողիկեան:

«Պատերազմի տարիներուն, Հակառակ կենցաղային, տնտեսական շարք մը դժուարութիւններու հայկական վարժարանները միշտ բաց պահած են իրենց դռները: Հակառակ Հալէպի մէջ տիրող ծանրագոյն իրավիճակին` կրթական մարմինները ջանք կը գործադրեն, որպէսզի հայ աշակերտը որեւէ դժուարութեան պարագային չզրկուի հայկական դպրոց յաճախելէն, հնարաւորութեան սահմաններու մէջ ամէն ինչ կը կատարուի, որպէսզի աշակերտներուն անվտանգութիւնը ապահովուի: Արդէն 4 տարիէ Հալէպի առաւել վտանգաւոր գօտիի մէջ յայտնուած դպրոցները տեղափոխուած են աւելի ապահով շրջաններ»,- ըսած է­ Զարմիկ Պողիկեան` տեղեկացնելով, որ աշակերտներուն թուաքանակի նուազման հետեւանքով որոշ վարժարաններ միացած են իրարու:

Զարմիկ Պողիկեան յատկանշական համարած է նաեւ այն, որ անցնող ամիսներուն ընթացող քննարկումներու արդիւնքով Բերիոյ Հայոց թեմի ազգային վարչութիւնը որոշում ընդունեց Հալէպի Ազգային վարժարաններուն մէջ 2016-­ 2017 ուսումնական տարին սահմանել անվճար:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին