*ԼՈՒՍԻՆ ԱՊԱՃԵԱՆ ՉԻԼԱԲՈՇԵԱՆ*
Հալէպը իբրեւ մայր գաղութ միշտ ալ կենսունակ է իր մշակութային ձեռնարկներով, տարիներու վրայ երկարող այս խուճապահար կացութեան մէջ անգամ:
ՀԲԸՄ-ի Մատենագիտական յանձնախումբի կազմակերպած «Հեքիաթը կը կանչէ» թատերական ձեռնարկը այս կենսունակութեան վկայութիւններէն մէկն է:
Իւրաքանչիւր թատերական ներկայացում անպայման իր հետ կը բերէ արուեստի բոյր մը, իսկ սփիւռքահայ մեր իրականութեան մէջ անոր առաքելութիւնը կը համալրուի դաստիարակչական եւ մանկավարժական դերակատարութեամբ:
Օգոստոս ամսուան սկիզբէն մինչեւ Սեպտեմբերի առաջին շաբաթը երկարող շաբաթական հերթականութեամբ, անվճար ներկայացուող ՀԲԸՄ-ի այս նախաձեռնութիւնը փոքրիկներուն ներաշխարհը թափանցելով՝ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց անոնց հոգիներուն մէջ:
Յոյժ ողջունելի է տարուած աշխատանքը, որով կարելի է սատարել նոր սերունդի գեղագիտական ճաշակի մշակման եւ ընկերային ոգիի բարձրացման: Թատերական մթնոլորտը, դերակատարներուն բարձր տրամադրութիւնը, արուեստի ու խնդութեան քաղցր պահերը բարձրացուցին մանուկներուն տրամադրութիւնը:
Իւրաքանչիւր ելոյթի ընթացքին մեծ մայրիկի պատմողական ոճով կը ներկայացուէին զանազան հեքիաթներ՝ հայ փոքրիկը առնչելու հայ գիրքի ու գրականութեան հարուստ աշխարհին: Մեծ մայրիկի օգնականներն էին՝ զատկաճճին, շնիկը, ծաղրածուն եւ այծիկը, որոնք բեմավարութիւնը ստանձնած էին: Ուշագրաւ էր ճարտարութիւնը դերակատարներուն, որոնք դպրոցական աշակերտներ ըլլալով հանդերձ, հմուտ դերակատարներու նման իւրացուցած էին իրենց վստահուած դերը՝ համեմուած ինքնատիպ արտայայտչաձեւերով: Խրախուսիչ էր փոքրիկներու հոծ ներկայութիւնը սրահէն ներս: Բեմի գեղեցիկ յարդարումը, գոյներու եւ զգեստներու ներդաշնակութիւնը խորապէս կը տպաւորէր ակնդիրները: Հետաքրքըրական էին հեքիաթներու աւարտին դերակատարներու խմբային պարերն ու ներկայացման տիկնիկային տարբերակը՝ օժտուած համահունչ երաժշտականութեամբ:
Վարձքը կատա՛ր բոլոր անոնց, որոնք այս գեղեցիկ մտայղացումը ունեցան եւ քաջաբար անտեսելով բազմապիսի դժուարութիւններ՝ կարողացան փոքրիկներուն դէմքին վրայ ժպիտ ուրուագծել, զանոնք հաղորդակից դարձնելով մեր մշակութային հարուստ աւանդին: