Ամերիկեան Apple ընկերութեան 7-րդ սերունդի iPhone-ի առաջին խմբաքանակը, ըստ չինական լրատուամիջոցներու, արդէն արտահանուած է այլ երկիրներ:
Ինչպէս կը նշէ «Արցախփրես»-ը՝ վկայակոչելով ria.ru-ն, մատակարարուած սմարթֆոններու ընդհանուր թիւը 371.000 է: Ըստ Sina-ի տուեալներուն` 84.700 հեռախօսէ բաղկացած առաջին խմբաքանակը, որ կշռած է 46.7 թոն, Սեպտեմբեր 2-ին ուղարկուած է Սինչժենի նաւահանգիստէն: Սեպտեմբեր 5-ի դրութեամբ այլ երկիրներ ուղարկուած iPhone 7-ի ընդհանուր քանակը կազմած է 371.000 օրինակ:
Յայտնի է, որ սմարթֆոններու արտահանման հիմնական ուղղութիւնները եղած են ԱՄՆ-ն, Մեծ Բրիտանիան, Հոլանտան եւ Իտալիան:
Կ’ենթադրուի, որ iPhone 7-ի շնորհանդէսը կայանայ Սեպտեմբեր 7-ին:
Նոր iPhone-ը հասանելի պիտի ըլլայ 5 տարբեր գոյներով` վարդագոյն, ոսկեգոյն, արծաթագոյն, մոխրագոյն եւ սեւ:
Անոնք կ’ունենան 32, 128 եւ 256 կպ․ ծաւալով ներքին յիշողութիւն, մինչդեռ օփերաթիւ յիշողութեան ծաւալն է 2 կպ․: Սակայն iPhone 7 Plus-ի պարագային այդ ցուցանիշը կը հասնի 3 կպ․-ի:
Բացի այդ, կը բարելաւուին սմարթֆոնի տեսախցիկի տեխնիկական որակները: Հեռախօսը ջրակայուն է, զրկուած ականջակալներու միացման համար նախատեսուած անցքէն: