Չորեքշաբթի, 04. 06. 2025

spot_img

Յուսանք Այս Անգամ Ամէն Չարիքի Մէջ Բարիքի Տարբերակը Յաջողի…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Լիբանանեան ասացուածք մը կայ, որ մօտաւորապէս ունի հետեւեալ իմաստը՝ հարցի մը ծայրայեղ հանգուցաւորումը ճամբան կը բանայ անոր լուծումին…:

Արդեօ՞ք այս ասացուածքը տեղին է այսօր՝ ինչ կը վերաբերի Լիբանանի իրավիճակին, երբ ո՛չ մէկ բան այստեղ հեզասահ կ’ընթանայ…:

Երէկ ցնդեցաւ կանգուն վերջին «հաստատութիւններէն» մին՝ Ազգային երկխօսութիւնը։

Կողմերը իրար մօտ բերելու շաբաթասկիզբին պատահած այս ձախողութիւնը կրնայ նշանակել, թէ շաբթուայ ընթացքին կայանալիք բոլոր միջոցառումներն ալ պիտի ձախողին՝ ինչպէս Նախարարաց խորհուրդի նիստ կայացնելու ջանքերը, նաեւ նախագահի ընտրութեան խորհրդարանական նիստը…:

Ամէն ոք միւսին կը մեղադրէ այս անելին համար, սակայն որքա՞ն լուրջ են ամբաստանութիւնները: Ամբողջ պատահածը ժամանակ շահելու համար չէ՞ արդեօք՝ մինչեւ յստականան շրջանային կարգ մը թղթածրարներու ճակատագիրը…:

Կայ նաեւ ամէն չարիքի մէջ բարիքի տարբերակը: Չի՞ կրնար ըլլալ, որ այսքան հանգուցաւորումը եւ անկէ բխելիք հաւանական որեւէ բախումի վտանգը, մեծ պետութիւններու մօտ մտահոգութիւն յառաջացնէ՝ դժբախտաբար ինչպէս միշտ միջամտելու եւ կանոնաւորելու Լիբանանի անչափահաս (ան)պատասխանատուներուն ներքին անհամաձայնութիւնները…:

Ի սրտէ կը յուսամ, որ վերի ասացուածքը տեղին ըլլայ այս անգամ:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին