Արդէն տասը տարիներ անցած են այն թուականէն երբ մահացած էր ՌԱԿ Արմենակ Եկարեան մարտական Ակումբի հիմնադիր անդամներէն եւ երկարամեայ ատենապետ եւ Անդրանիկ Թօմպուլեան: Ան զինուորագրուելով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան շարքերուն, կարեւոր դեր խաղցած էր Լիբանանեան Սփիւռքի պատմութեան մէջ:
Ան խորապէս սիրուած էր Նոր Հաճընի եւ Խալիլ Պատաուիի հայ բնակչութեան կողմէ, որովհետեւ ան թէ 1958-ի եւ թէ 1975-ի Լիբանանի համար դաժան տարիներուն ընթացքին կարեւոր դեր կատարած էր այս զոյգ շրջաններու հայութեան պատշպանութեան աշխատանքին մէջ:
Անդրանիկ Թօմպուլեանի կորուստով լիբանանահայութիւնը ընդհանրապէս եւ ՌԱԿ-ը մասնաւորաբար կորսնցուց իր կեանքը եւ ժամանակը ազգին ու իր կուսակցութեան նուիրած կարեւոր եւ ամուր սիւներէն մէկը:
Յարգելու իր անմեր յիշատակը, ՌԱԿ Արմենակ Եկարեան ակումբը հոգեհանգիստ խնդրած էր իր սիրեցեալ ատենապետին հոգւոյն, որ տեղի ունեցաւ իր սիրեցեալ թաղին՝ Հաճնոյ Սրբ. Գէորգ Եկեղեցիին մէջ երէկ՝ Կիրակի 4 Սեպտեմբեր 2016-ին յաւարտ Սուրբ Պատարագին:
Իր ընտանեկան պարագաներուն եւ հարազատներուն կողքին Հոգեհանգստեան ներկայ էին ՌԱԿ-ի նախկին երեսփոխան եւ ԹՄՄ Հիմնադիրներու Մարմնի ատենապետ՝ Ընկեր Յակոբ Գասարճեանը, ՌԱԿ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ Ընկ. Միքայէլ Վայէճեանը, Պետական Երեսփոխան Պրն. Սեպուհ Գալփաքեանը, ՍԴՀԿ Լիբանանի Վարիչ Մարմնի ներկայացուցիչներ, ՌԱԿ Եկարեան ակումբի եւ ընդհանրապէս ՌԱԿի շարքային ընկերներ եւ զինք սիրող բարեկամներ:
Հոգեհանգստեան պաշտօնէն ետք, որ գլխաւորեց ԱՄՆ ժամանած հոգեւոր Հովիւ Տէր Տաթեւ ներկաները առիթը ունեցան լսելու Տէր Հօր պատգամը նուիրուած հանգուցեալի կեանքին եւ գործին: Ընկեր Օհան Պոտրումեան ՌԱԿ Եկարեան ակումբի խօսքը փոխանցեց ներկաներուն վեր առնելով ընկեր Թօմպուլեանի գործն ու նուիրումը իր սիրելի կուսակցութեան: Աւարտին ընկեր Թօմպուլեանի ընտանիքը ՌԱԿ Եկարեան ակումբի անունով յուշանուէրով մը պատուեցաւ:
Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի: