Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 25-րդ տարեդարձին առիթով՝ Արցախի Նախագահ Բակօ Սահակեան ստորագրած է հրամանագիրներ պետական պարգեւներով պարգեւատրելու եւ պատուաւոր կոչումներ շնորհելու մասին:
Համաձայն հրամանագիրներուն` ԼՂՀ պետական սահմանը պաշտպանելուն եւ Հայրենիքի պաշտպանութեան համար մղուած մարտերուն ցուցաբերած արիութեան ու խիզախութեան համար «Մարտական խաչ» 1-ին աստիճանի շքանշանով պարգեւատրուած է 7 հոգի, «Մարտական խաչ» 2-րդ աստիճանի շքանշանով` 1 հոգի, «Արիութեան համար» մետալով` 9 հոգի, «Մարտական ծառայութիւն» մետալով` 267 հոգի, որմէ 1-ը` յետմահու:
Արցախի, Հայաստանի եւ արտերկրի խումբ մը պետական, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներ, Արցախեան ազգային-ազատագրական պայքարի աշխոյժ մասնակիցներ, ազատամարտիկներ, դիւանագէտներ եւ բարերարներ պարգեւատրուած են` «Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով` 8 հոգի, որմէ 1-ը` յետմահու, «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով` 18 հոգի, «Մխիթար Գոշ» մետալով` 11 հոգի,«Վաչագան Բարեպաշտ» մետալով` 16 հոգի, «Անանիա Շիրակացի» մետալով` 12 հոգի,«Երախտագիտութիւն» մետալով` 78 հոգի եւ 4 կազմակերպութիւն:
Գիտութեան, մշակոյթի, արուեստի, առողջապահութեան եւ տնտեսութեան զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի աւանդի համար խումբ մը անձանց շնորհուած են Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պատուաւոր կոչումներ: