Արցախեան սահմանին հակառակորդի կողմէ արձակուած կրակոցին զոհ դարձած է 1997-ի ծնունդ՝ զինծառայող Արայիկ Սամուէլի Օրդուբեկեանը (2 սեպտեմբեր` ժամը 23:30): Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը կը հաղորդէ‚ որ զոհուած զինուորը կը ծառայէր ՊԲ հարաւային ուղղութեամբ տեղակայուած զորամասերէն մէկուն մէջ:
ԼՂՀ ՊՆ մամլոյ ծառայութիւնը նաեւ կը նշէ, որ Ազրպէյճան Շաբաթ գիշեր զինադուլը խախտած է 30 անգամ՝ հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ արձակելով աւելի քան 600 փամփուշտ։