Հայրենիքի մէջ մահացած է Հայաստանի հանրապետութեան Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանը։ Tert.am-ի հետ զրոյցին Մատենադարանի տնտեսական գծով փոխտնօրէն Արմէն Մկրտչեանը յայտնած է, որ Թամրազեան ծանր հիւանդութենէ կը տառապէր եւ երկար ժամանակ բուժում կը ստանար: Ան նաեւ տեղեկացուց, որ Հրաչեայ Թամրզեան բուժում կը ստանար «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» Բժշկական կեդրոնէն ներս։
ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը կը յայտնէ, որ Մատենադարանի տնօրէն Հրաչեայ Թամրազեանի թաղման կապակցութեամբ ձեւաւորուած է կառավարական յանձնաժողով՝ ՀՀ կրթութեան եւ գիտութեան նախարար Լեւոն Մկրտչեանի գլխաւորութեամբ:
Կառավարական յանձնաժովի համաձայն, Հրաչեայ Թամրազեանի հոգեհանգիստը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբերի 5-ին, ժամը 18:00-20:00-ին Երեւանի Սուրբ Սարգիս եկեղեցուոյ մէջ (Նոր Նորքի 5-րդ զանգուած), վերջին հրաժեշտը՝ Սեպտեմբեր 6-ին, ժամը 12:00-14:00-ին Մատենադարանի ճեմասրահէն ներս: