Գերմանիոյ պաշտօնական ներկայացուցիչ Շթեֆֆեն Զայնպերթը մեկնաբանած է տեղեկութիւնը այն մասին, որ կառավարութիւնը պատրաստ է զիջումներ ընելու Թուրքիոյ ու հրաժարելու Հայոց ցեղասպանութեան մասին Պունտեսթակի բանաձեւէն:
«Այս մասին խօսք նոյնիսկ չի կրնար ըլլալ: Գերմանական Պունտեսթակը իրաւունք ու հնարաւորութիւն ունի արտայայտելու իր տեսակէտը որեւէ թեմայի շուրջ, երբ ատիկա ճիշդ կը համարէ: Գերմանիոյ կառավարութիւնը կ’աջակցի ու կը պաշտպանէ գերմանական խորհրդարանի այդ ինքնիշխան իրաւունքը»- յայտնած է Զայնպերթ, «Արցախփրես»-ի փոխանցմամբ կը յայտնէ DW–ը:
Ան նաեւ շեշտած է, որ կառավարութիւնը իշխանութեան մէկ այլ մարմնի գործերուն միջամտելու ու անոր գործողութիւնները որեւէ կերպով գնահատելու լիազօրութիւններ չունի: Ան նաեւ աւելցուցած էր, որ Պունտեսթակի բանաձեւը իրաւաբանական պարտադիր ուժ չունի:
Առանձին յայտարարութիւնով հանդէս եկած է Գերմանիոյ ԱԳՆ մամուլի քարտուղարը, որ ճշգրտած է, որ արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթեր Շթայնմայեր անձամբ աջակցած է բանաձեւին: Այդ նոյն օրը արտաքին գործոց նախարար Շթայնմայերը` ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ հանդիպումէն ետք յայտնած է «Պունտեսթակը իրաւունք ու ազատութիւն ունի արտայայտելու իր տեսակէտը քաղաքական հարցերու շուրջ, սակայն անոր խօսքով բուն Պունտեսթակի մէջ նշած են, որ ոչ բոլոր բանաձեւերը իրաւաբանական ուժ ունին»: Այս հարցով կառավարութեան դիրքորոշման մասին Շթայնմայեր լռած է:
Պարբերականը աւելի առաջ Սեպտեմբեր 2-ին յայտնած էր, որ Գերմանիոյ կառավարութիւնը մտադիր է Անգարային ընդառաջ քաղաքական ժեստ ընելու, որպէսզի Գերմանիոյ խորհրդարանականները կարենան կրկին այցելել Պունտեսվերի զինծառայողները ՆԱԹՕ-ի` Թուրքիոյ մէջ գտնուող «Ինճիրլիք» ռազմակայանին մէջ: Ամսագրի տեղեկութիւններով Գերմանիոյ ԱԳՆ –ն ու վարչապետի գերատեսչութիւնը պայմանաւորուած են, որ Զայնպերթը մամուլի առաջ ելոյթ պիտի ունենայ ու պիտի հասկցնէ, որ կառավարութիւնը կը հրաժարի Ցեղասպանութեան մասին գերմանական խորհրդարանի բանաձեւէն: