Կիրակի, 06. 07. 2025

spot_img

Մինչեւ Որ Յստականայ Իւրաքանչիւր Կողմի Բաժինը…

*ՍԵՒԱԿ ՅԱԿՈԲԵԱՆ*

Թաէֆի համաձայնութենէն ետք Լիբանանի քաղաքական կողմերը եւ անոնց (ան)պատասխանատուները, որոնցմէ իւրաքանչիւրը համայնաքային կուսակցութիւն մը կը գլխաւորէ համտըլլա (փառք Աստուծոյ), վարժուեցան իրենք զիրենք երբեմն քօղարկուած եւ շատ յաճախ բացայայտօրէն ֆինանսաւորել պետութեան մուտքերէն…:

Այս միեւնոյն երեւոյթը կը պատահէր Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերուն ալ, անշուշտ տարբեր անուններով եւ պատճառաբանութիւններով, ինչպէս խուուէ (զինեալներու պարտադիր տուրք), շրջանի ապահովութեան տուրք, եւայլն։ Ներկայիս ալ անոնց բովանդակութիւնը նոյնն է, սակայն այս գողութեանց անունները այսօր փոխարինուելով քօղարկուած են նուազուրթ (մունաքասա), գործարք (սաֆաքա), թալզիմ  եւ այլ անուններով…:

Նորօրեայ այս ապօրէն ֆինանսաւորումի գլխաւոր աղբիւրներէն էր եւ է Սուքլինը (Պէյրութի եւ Մեթնի աղբահաւաք ընկերութիւնը)…:

Այս ամբողջ նախաբանը ըրի փորձելով բացատրել,  թէ ինչո՞ւ այսօր աղբի անլոյծ խնդիր ունինք…: Այսինքն աղբի խնդիր պիտի շարունակենք ունենալ՝ մինչեւ որ յստականայ իւրաքանչիւր քաղաքական կողմի բաժինը անոր հասոյթներէն: Մինչեւ այդ օրը կը ցաւիմ ըսելու սիրելի ընթերցող, որ պիտի շնչես փողոցներուն աղբի քարշահոտութիւնը ու դիտես անոնց անհրապոյր տեսքը:

Վերջապէս, եւ որպէսզի եզրակացութիւններու յանգելու գործդ թեթեւ ըլլայ, քեզի հետ սիրելի ընթերցող կը բաժնեմ այս հարցը եւ ընդհանրապէս Լիբանանի հակասութիւնները ամփոփող լուսանկար մը, որուն մէջ Սուքլինի պաշտօնեան կը շարունակէ աւլել փողոցը, մինչ հիմնական աղբը տակաւին կուտակուած կը մնայ փողոցի ծայրամասին վրայ…:

Բարի (չ)վայելում եւ համբերութիւն…:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին