Գիտելիքի միջազգային օրը` Սեպտեմբեր 1-ին, Հայաստանի դպրոցներ առաջին անգամ մուտք գործեցին շուրջ 40 հազար փոքրիկներ: Այս մասին, ըստ Armenpress.am-ի, յայտնած է ԿԳՆ հանրակրթութեան վարչութեան պետ Նարինէ Յովհաննիսեան:
«Թէ՛ աշակերտներու, եւ թէ՛ ուսանողներու վերջնական թիւը պարզ կը դառնայ քիչ մը աւելի ուշ», -նշած է ան:
Աշակերտներուն նախնական թիւը արդէն իսկ կը գերազանցէ 2015 թուականի ցուցանիշը, որ 39246 էր:
Քանի որ այս Սեպտեմբեր 1-ը ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին Սեպտեմբեր 1-ն է, Նարինէ Յովհաննիսեան տեղեկացուցած է, որ այդ առիթով կը նախատեսուին բազմաբնոյթ ձեռնարկներ:
Այս տարի կը նախատեսուին փոփոխութիւններ ուսումնական ծրագիրով` երկրորդ կիսամեակին պիտի բեռնաթափեն ուսումնական ծանրաբեռնուածութիւնը առաջինէն չորրորդ դասարանցիներուն համար:
Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայ 1430 դպրոց, որուն 850-ը ունի 300-էն նուազ թիւով աշակերտ, իսկ շուրջ 400 դպրոց` 500-էն նուազ: