*ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ*
Երբ Ֆրանսայի հայասէր երբեմնի նախագահ Ժագ Շիրաք մուտք գործեց 1700 տարուան՝ զրադաշտական մեհեանի վրայ կառուցուած Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճար՝ հոգեւոր երգչախումբը իր «թագաւոր երկնաւոր»ով ապշահար ձգեց ֆրանսացի հիւրերը, որոնք զմայլանքով սկսան դիտել Նաղաշ եւ Յովնաթան Յովնաթանեաններու հրաշալի մանրանկարներն ու քրիստոնէական զարդանախշերը…: Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ համար այս այցելութիւնը պատմական էր 2007-ին, իր պաշտօնավարութեան վերջին օրերուն, իր հետ բերելով Ֆրանսայի կառավարութեան եւ խորհրդարանի կարկառուն դէմքերը, ֆրանսահայ փառաւոր գաղութի ղեկավարներն ու գործիչները:
Ապա այս կամարներուն տակ է, որ անցեալ դարու 50-ական թուականներու ցաւալի եւ ամօթալի դէպքերէն ետք, հրահրուած օտար պետութիւններու հետախուազական սադրիչ ծառայութիւններու կողմէ՝ Մեծն Վազգէն Ա. Վեհափառ հայրապետ ողջագուրեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երջանկայիշատակ կաթողիկոս, ապա եւ Ամենայն Հայոց վաղամեռիկ վեհափառ Գարեգին Ա.-ի հետ…: Յուզիչ էր նաեւ, որ մէկդի դնելով բոլոր տարակարծութիւնները, հայ ժողովուրդի համար յոյժ կարեւոր 2015-ի Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակը եւ 2016-ի Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմի օրերուն՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետը, Մայր Հայրենիքի հողին վրայ, եղբայրաբար միաբան Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ-ին հետ, համայն աշխարհին ցոյց տուին, թէ Հայ Առաքելական եկեղեցին միշտ կանգնած է Հայրենիքին՝ ներառեալ ազատագրուած Արցախի կողքին:
Սակայն Վերջին ժամանակներուն քննադատութեան, բաւականին կասկածելի նամակներով, որոնցմէ շատերը յստակօրէն պատրաստուած են Էրտողանի Թուրքիոյ եւ արիւնախում Նաթանիահուի հրէական պետութեան հետախուզական ծառայութիւններու կողմէ, վարկաբեկման ու տեղի-անտեղի հայհոյանքներու, «բացայայտում»ներու տարափ մը կը տեղայ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ բարձրագոյն դէմքերուն վրայ, իբր թէ քննադատելով կատարուող կոպիտ սխալները, ապականութեան երեւոյթները, կարգալուծութիւններու շարանը եւ այլ տխուր հարցեր: Հետաքրքրական է, որ այս բոլորը կը «բխի»ն երկու գլխաւոր աղբիւրներէ՝ Կ. Պոլիս («Սթամպուլ») եւ Երուսաղէմ, որ ըստ ԱՄՆ-ի նախագահական թեկնածու Հիլարի Քլինթընի, նախագահ ընտրուելու պարագային պիտի յայտարարէ հրեայ-սիոնիզմի «յաւերժական» մայրաքաղաքը, թքելով աշխարհի միլիոնաւոր քրիստոնեաներու (եւ առաջինը հայերուս), նաեւ մահմետականութեան հաւատքին վրայ, Իսլամական պետութիւն (Տաէշ) կոչուած ճիւաղներուն անթիւ անհամար զէնքեր վաճառելէ, Լիբանանը, ապա Սուրիան ու Իրաքը արեան լճակերու վերածելէ ետք…:
Իսկ ի՞նչ կը մտադրեն ընել Էրտողան եւ Նաթանիահու, անոնց ետին կանգնած ոճրագործը եւ հայանուն մանկլաւիկ գործակալները:
Ա- 1700-ամեայ Սուրբ Էջմիածինը վարկաբեկել, հեղինակազրկել, օգտագործելով Գարեգին Բ. վեհափառին թոյլ տուած որոշ սխալները, քարոզչութեան թունաւոր արշաւի նիւթի վերածելով:
Բ- Էրտողանի ՄԻԹ-ը կը ճգնի ամբողջովին կտրել դարաւոր կապերը Սուրբ Էջմիածինի, Կ. Պոլսոյ Պատրիարքութեան (ինչպէս որ փորձեցին ընել «Ֆաթիհ» Սուլթան Մուհամմէտ Բ. եւ Շահ Աբբաս Բ. 500 տարիներ առաջ) եւ Արամ Աթէշեանի նման հլու կամակատարներով, Պոլսոյ թէ համայն Թուրքիոյ պահանջատէր հայութիւնը տանիլ զիջումներու, ձեռք դնելով անոնց դարաւոր կալուածներուն վրայ եւ ինչո՞ւ չէ, Արամ Աթէշեան պատրիարքական տեղակալն ալ ուղարկել… մահաքունի, Մութաֆեան Պատրիարքին պէս:
Գ- Գաղտնիք չէ, որ իսրայէլեան ներկայ իշխանութիւնները, մեր օրերու «Դաւիթ թագաւոր» ցնդած ոճրագործ Նաթանիահուի գլխաւորութեամբ, աչք տնկած են Երուսաղէմի եւ գրաւեալ Պաղեստինի հայկական սրբավայրերուն, նաեւ անթիւ կալուածներուն, նոյնինք Սիոն լերան վրայ, ուր հայ սրբազան պատրիարքներու շիրիմները կը գտնուին: Հայաստանի անկախութենէն ետք, անցեալին գաղտնի եւ բացայայտուած գործարքներով, Երուսաղէմի Պատրիարքութեան մի քանի տխրահռչակ «դէմք»երու հետ, Իսրայէլի ցեղապաշտները յաջողած էին շարք մը կալուածներու վրայ ձեռք դնել։ Բայց այժմ յայտնուած է Հայաստանի պետութիւնը, իր միջազգային իրաւական բոլոր իրաւունքներով, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան հզօրութեամբ, տէր կանգնելու մեր 1700-ամեայ սուրբ հողերուն: Այնպէս որ Մոսատի հրեայ-հայախօս թէ հայանուն գործակալներուն համար դժուար չէ «խրատական» նամակեր ու յայտարարութիւններ յղել Սուրբ Էջմիածինի գահակալին, փորձելով անոր «հասկցնել», թէ Երուսաղէմի Պատրիարքութիւնը «անկախ» է եւ անշուշտ, Սրբազան Պատրիարքին վրայ ճնշումներ բանեցնելով, 1947-ին հայաթափելով Երուսաղէմն ու Պաղեստինը, ժամանակը «յարմար» նկատելով նաեւ զաւթելու հայոց պատկանող 1700-ամեայ հողերը, որոնց վրայ հրեայ պատմաբաններու եւ հնագէտներու իսկ յայտնագործած փաստերով, հայերը 1700 տարիներէ ի վեր հոն եկեղեցիներ, վանքեր եւ սրբատեղիներ ունեցած են: