Չորեքշաբթի, 30. 07. 2025

spot_img

Ցեղասպանութեան Նուիրուած «Խոստումը» Ժապաւէնին Անդրանիկ Ցուցադրութիւնը` Թորոնթոյի Փառատօնին

Հայոց Ցեղասպանութեան առընչուող «Խոստումը» («The Promise») ժապաւէնին համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 11-ին, փառատօնի կալա երեկոներէն մէկուն ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդեն Թորոնթոյի շարժապատկերի միջազգային փառատօնի կազմակերպիչները։

Ժապաւէնին բեմադրութիւնը ստանձնած է «Օսքար» մրցանակի արժանացած Թերի Ճորճ, իսկ անոր գլխաւոր դերակատարներն են Քրիսչըն Պէյլ, որ նոյնպէս արժանացած է «Օսքար» մրցանակին, Օսքար Այզիք, որ շահած է «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակը, եւ Շարլոթ Լը Պոն:

Ըստ ժապաւէնը արտադրողներու մօտիկ աղբիւրներուն` ամերիկեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կրնայ սկսիլ Դեկտեմբերին:

Գըրգ Գըրգորեանի հիմնած «Սըրվայվըլ Փիքչըրզ» («Վերապրումի Ֆիլմեր») անունով ընկերութեան առաջին ձեռնարկը հանդիսացող սոյն շարժապատկերին նկարահանումը արդէն իսկ ամբողջացած է: Ժապաւէնը պիտի ներկայացնէ սիրոյ եռանկիւնի մը իւրայատուկ պատմութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն:

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին