Կիրակի, 01. 06. 2025

spot_img

«Արաս» Հրատարակչատունէն Նոր Գիրք ՝ «Ո՞Վ Են Այս Հայերը»

«Արաս հրատարակչատունը այս շաբաթ հրապարակ հանեց հազիւ  65 էջ տարողութեամբ թրքերէն գրքոյկ մը, որ սակայն հայերն ու հայոց մշակոյթը օտարներու, մասանւորաբար մանուկներու ծանօթացնելու տեսակէտէ շատ կարեւոր դերակատարութիւն կրնայ ունենալ: Գրքոյկը, որ կոչուած է «Ո՞վ էն այս հայերը» («Քիմ պու էրմէնիլէր»), գրի առնուած է Սուզան Փօլ Փէթիի կողմէ, որուն օժանդական են Գագիկ Ստեփան եւ Մարալ Քերովբեան:

Ո՞վ են հայերը: Գրքոյկին մէջ իրերայաջորդ ու կարճաշունչ բաժիններ կը պատասխանեն հայերու ինքնութեան, աշխարհագրութեան ու մշակոյթին մասին գրեթէ բոլոր հարցումներուն: Քարտէզներ, Սփիւռքահայութիւնը, Հայաստանի Հանրապետութիւնը, հայոց պատմական բնակավայրերը, Կոստանդնուպոլիսը, հայկական երբեմնի ու այսօրուան երաժշտութիւնը, ժողովրդական պարերը, պատմական տարազներ, բանաստեղծութիւն, նշանաւոր հայեր, եւ նմանօրինակ նիւթեր կարճ տողերով ու գունաւոր պատկերներով կը ծանօթացուին ընթերցողներուն:

Հեղինակները մասնաւորաբար իրենց ամբողջ համակրանքը արտայայտած են մանուկներու նկատմամբ: Ընտրուած են քանի մը մանուկներ, որոնք կը ծանօթացուին, ինչպէս Պէյրութէն Նոյեմի, Իսթանպուլէն Սարվէնը, Սսայաթն ու Սիմոնը, Հայաստանէն Էլէն եւայլն:

Գրքոյկ մը որ օտարներուն նախ  գաղափար պիտի տայ հայոց մասին, ապա զանոնք պիտի հրաւիրէ աւելի լայն չափով ճանչնալու:

 

 

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին