Հայոց Ցեղասպանութեան առընչուող «Խոստումը» («The Promise») ժապաւէնին համաշխարհային անդրանիկ ցուցադրութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 11-ին, փառատօնի կալա երեկոներէն մէկուն ընթացքին: Այս մասին կը հաղորդեն Թորոնթոյի շարժապատկերի միջազգային փառատօնի կազմակերպիչները։
Ժապաւէնին բեմադրութիւնը ստանձնած է «Օսքար» մրցանակի արժանացած Թերի Ճորճ, իսկ անոր գլխաւոր դերակատարներն են Քրիսչըն Պէյլ, որ նոյնպէս արժանացած է «Օսքար» մրցանակին, Օսքար Այզիք, որ շահած է «Կոլտըն Կլոպ» մրցանակը, եւ Շարլոթ Լը Պոն:
Ըստ ժապաւէնը արտադրողներու մօտիկ աղբիւրներուն` ամերիկեան շարժապատկերի սրահներուն մէջ ժապաւէնի ցուցադրութիւնը կրնայ սկսիլ Դեկտեմբերին:
Գըրգ Գըրգորեանի հիմնած «Սըրվայվըլ Փիքչըրզ» («Վերապրումի Ֆիլմեր») անունով ընկերութեան առաջին ձեռնարկը հանդիսացող սոյն շարժապատկերին նկարահանումը արդէն իսկ ամբողջացած է: Ժապաւէնը պիտի ներկայացնէ սիրոյ եռանկիւնի մը իւրայատուկ պատմութիւնը, որ տեղի կ՛ունենայ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն: