Երկուշաբթի, 16. 06. 2025

spot_img

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Իր Մասնակցութիւնը Բերաւ «Հայկական Աշխարհը Համացանցին Մէջ» Գիտաժողովին

Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ Երեւանի պետական համալսարանին նախաձեռնութեամբ, 25-26 օգոստոս 2016-ին տեղի ունեցաւ «Հայկական աշխարհը համացանցին մէջ» գիտաժողովը` Երեւանի պետական համալսարանին մէջ: Գիտաժողովին կը մասնակցէին Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ գործող զանազան կառոյցներու ներկայացուցիչներ: Յանուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, սոյն գիտաժողովին մասնակցեցաւ կաթողիկոսարանի լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան:

Երկօրեայ գիտաժողովը կ’ընդգրկէր գլխաւոր երեք նիւթեր. «Հայկական աշխարհը համացանցի գիտակրթական հարթակին վրայ», «Տեղեկատուական անվտանգութեան մարտահրաւէրները համացանցին մէջ» եւ «Սփիւռքը համացանցային հարթակին վրայ»:

«Սփիւռքը համացանցային հարթակին վրայ» խորագիրով նիստի ընթացքին, Պետրոս վրդ. Մանուէլեան ելոյթ ունեցաւ «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան առաքելութիւնը համացանցի ճամբով» նիւթով: Ան ներկայացուց կաթողիկոսութեան ունեցած գիտական հարուստ հիմքը, փորձառութիւնն ու պատրաստակամութիւնը համացանցի մէջ հայկական ներկայութիւնը աշխուժացնելու եւ կաթողիկոսարանին բերած մասնակցութիւնը այդ ուղղութեամբ տեղի ունեցած նախաձեռնութիւններուն: Ան խօսեցաւ նաեւ կաթողիկոսարանին եւ վեհափառ հայրապետին կողմէ նորարար դարաշրջանի մեզի տուած հաղորդակցութեան նոր միջոցներու գործածութեան փորձառութեան մասին:

Նիստերու աւարտին տեղի ունեցան հարց ու պատասխան եւ շինիչ քննարկումներ: Առաջարկուեցաւ ստեղծել համակարգող մարմին մը, որ պիտի նպաստէ այս մարզին մէջ տարուող աշխատանքներու համակարգման:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին