Շաբաթ, 21. 02. 2026

spot_img

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 25ամեակի Նուիրուած Նախաձեռնութիւնները 1-էն 3 Սեպտեմբեր Պիտի Տեւեն

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 25-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւնները պիտի սկսին 1 Սեպտեմբերին եւ պիտի տեւեն մինչեւ 3 Սեպտեմբեր: Ղարաբաղի Ազգային ժողովի պաշտօնական կայքին համաձայն, տօնական նախաձեռնութիւնները ընթացք պիտի առնեն Արցախի դպրոցներէն, ուր պիտի տրուին «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը 25 տարեկան է» նիւթով դասեր: Նոյն օրը Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի կայանան մարզական եւ մշակութային ձեռնարկներ, իսկ Ստեփանակերտի կեդրոնական օղակաձեւ պուրակին մէջ զինուորական նուագախումբի համերգ: 2 Սեպտեմբերին տօնական նախաձեռնութիւնները պիտի սկսին երթով` Ստեփանակերտի Վերածնունդի հրապարակէն դէպի քաղաքային յուշահամալիր: Նախատեսուած են նաեւ բացօթեայ տօնական միջոցառումներ եւ Հայաստանի դրամաշրջանառութեան պատմութիւնը խորագրով ցուցահանդէս, իսկ Շուշիի մէջ տեղի պիտի ունենայ հանրակացարանային համալիրի բացումը: Երեկոյեան Վերածնունդի հրապարակին վրայ պիտի կայանայ տօնական համերգ եւ հրավառութիւն: Տօնակատարութիւնները կ’եզրափակուին 3  Սեպտեմբերին, Քաշաթաղի շրջանի Աղաւնոյ գիւղին մէջ նոր թաղամասի բացման հանդիսաւոր արարողութեամբ:

spot_img

ՆՄԱՆ ՆԻՒԹԵՐ

spot_img
spot_img

ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՒԵԼՈՒՄՆԵՐ

Ելեկտրոնային Գրադարան

spot_img

Ara D. Kassabian CPA, based in Glendale, California, provides a full range of tax preparation, accounting and bookkeeping services, either in your facility or at our location. Making it quick and easy to file your taxes.

spot_img

Զօրակցիր Զարթօնք Օրաթերթին