Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Բակօ Սահակեան Ստեփանակերտի մէջ նոր մարզադահլիճի բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցեցաւ:
Նախագահը երախտագիտութիւն յայտնեց Սահմանամերձ համայնքներու զարգացում հիմնադրամին՝ այս նախագիծը իրականացնելու համար եւ կարեւորեց մարզադահլիճներու ցանցի ընդլայնումը՝ նշելով, որ այդ գործընթացը պիտի ըլլայ շարունակական: Արարողութեան ներկայ եղան նաեւ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդը, Արցախի վարչպետն ու այլ պաշտօնատարներ:






